«Երկիր».-ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբը հրապարակած է Սպիտակ տան գաղտնի փաստաթուղթ մը, որուն մէջ մանրամասնութիւններ կը նն ներկայացուին 1 Օգոստոս 1997-ին կլորաձեւ աշխատասենեակէն ներս ԱՄՆ նախկին նախագահ Պիլ Քլինթընի եւ Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցած խօսակցութենէն:
Հայ Դատի Յանձնախումբի «Թուիթեր»ի միքրոպլոկի հրապարակման եւ գրառման մէջ շարք մը մանրամասնութիւններ բացայայտուած են առ այն, որ Հայտար Ալիեւ դէմ չէ եղած Ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման շուրջ ԵԱՀԿ-ի հովանիին ներքոյ բանակցութիւններուն մէջ Արցախը որպէս բանակցող կողմ ներգրաւելուն:
Ալիեւ մանրամասնած է. «Ուղիղ բանակցութիւններու համար Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ ներկայացուած են Մինսքի խմբակի գործընթացին մէջ: Մենք սա պիտի շարունակենք…»:
Նախագահներու խօսակցութեան սղագրութենէն ի յայտ կու գայ նաեւ, թէ ինչպէս Հայտար Ալիեւ յայտնած է, որ Ատրպէյճան «ամէնէն շատ կը վստահի Միացեալ Նահանգներուն», ու իր համոզումով` Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ ԱՄՆ-ը կրնայ բոլորէն մէջ կարեւոր դեր ունենալ:
Իր կարգին, Պիլ Քլինթըն յայտնած է, որ ԱՄՆ շատ լրջօրէն կը մօտենայ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան: