Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ մը, ուր շեշտեց, թէ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական շարժումի ծաւալման նպաստելով, ահաբեկիչներուն իր շարունակական աջակցութեամբ, մարզումով եւ զինամթերքի հայթայթումով, թրքական վարչակարգի ղեկավար Էրտողան իր վերջին յայտարարութիւններով ցոյց կու տայ, որ իրականութենէն անջատուած անձնաւորութիւն մըն է։ Ան կը խօսի սուրիացի ժողովուրդին պաշտպանելու իր ցանկութեան մասին, առանց նկատի առնելու, որ ի՛նք եւ իր հաւատադուրժ վարչակարգը Սուրիոյ ժողովուրդին արիւնահեղութեան եւ տեղահանութեան գլխաւոր հրահրիչներն էին:

Էրտողան կը խօսի Սուրիոյ ժողովուրդի պաշտպանութեան ու անոր իրաւունքներուն մասին, միեւնոյն ատեն Սուրիոյ հիւսիսային շրջանի բնակչութեան ջարդն ու տեղահանութիւնը կը ծրագրէ ամենայն պաղարիւնութեամբ, մարդասիրական կեղծ կոչերով ու բազում լարերու վրայ դեքերելով։

Նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ Սուրիա անցնող տարիներուն երկրի տարբեր տարածքներուն մէջ պայքարեցաւ Թուրքիոյ եւ անոր ենթակայ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ոտնձգութիւններուն դէմ։ Այսօր եւս, իր ամբողջական կարողականութեամբ պիտի պայքարի թրքական տարատեսակ ուժերուն դէմ ու կասեցնէ անոնց զինուորական գործողութիւնները՝ օրինական իր բոլոր միջոցներով, սուրիական որ տարածքին մէջ ալ յայտնուած ըլլան անոնք։

Նախարարութիւնը եզրափակելով հաստատեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պիտի շարունակուի նոյն վճռակամութեամբ, ո՛չ Էրտողանը, ոչ ալ իր նմանները պիտի կարենան կասեցնել զայն, որովհետեւ Սուրիոյ ժողովուրդին միակ պաշտպանը սուրիական քաջարի բանակն է։