Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտուն, վերանորոգուած Ազգ. Միացեալ վարժարանը իր դռները լայն բացած, գրկաբաց ընդունեց իր սիրելի աշակերտները: Աշակերտներուն ցնծութեան բացագանչութիւնն ու սրտառուչ ծիծաղը նոր շունչ ու երանգ տուին հայեցի կրթութիւն ջամբող, միտք ու հոգի կռանող այս կրթօճախին:

Տնօրէնութեան, հոգաբարձութեան, պատկան մարմինին եւ ուսուցչական կազմին ներկայութեամբ աշակերտները դպրոցի շրջափակին մէջ սուրիական քայլերգը հնչեցուցին եւ կատարեցին դրօշակի արարողութիւն, ապա երգեցին Միացեալի քայլերգը, որմէ ետք տնօրէնուհին բարի գալուստի իր խօսքը ուղղեց աշակերտներուն ըսելով. « Սիրելի՛ աշակերտներ, բարի եկած էք ձեր երկրորդ տունը՝ արդիական ոճով վերանորոգուած եւ կահաւորուած այս լոյսի տաճարը։ Դպրոցին երկյարկանի շէնքը օժտուած է առողջապահական դասարաններով եւ ընդարձակ շրջափակերով։ Նախակրթարանի եւ միջնակարգի բաժիններէն իւրաքանչիւրը օժտուած է իրեն յատուկ գրադարանով եւ տարրալուծարանով։ Առողջ միջավայր ընձեռուած է ձեզի, որպէսզի ունենաք հեզասահ եւ արդիւնաւէտ ուսումնական տարեշրջան մը» ։ Ապա ան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ջանք չխնայեցին վարժարանի վերանորոգման ծրագիրը յաջողցնելու համար:
Այնուհետեւ, աշակերտները տնօրէնուհիին եւ ուսուցիչներուն հետ շրջագայեցան դպրոցի տարբեր բաժինները, ապա բարձրացան իրենց դասարանները՝ եռանդով եւ խանդավառութեամբ շարունակելու իրենց ուսումնական տարեշրջանը:
Լիայոյս ենք, որ կրթական այս դարբնոցը հայեցի դաստիարակութեան ճամբով, նորահաս սերունդը թրծելով ազգային ոգիով, հաւատարիմ կը մնայ ազգակերտման եւ մարդակերտման իր սրբազան առաքելութեան: