Երէկ Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց երկու օրէ ի վեր Լիբանանի մէջ շարունակուող ժողովրդային ցոյցերուն վերաբերեալ.

Կ՛ողջունենք լիբանանցի ժողովուրդը եւ մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք` ամբողջութեամբ բաժնելով իր խոր ընդվզումը եւ արդար պոռթկումը: Կարելի չէ անտեսել ժողովուրդին դիմագրաւած բազմաթիւ ու բազմատեսակ առօրեայ դժուարութիւնները, կարիքներն ու սպասումները:

Ժողովուրդը առանց համայնքային ու կուսակցական խտրութեան իջած է փողոց: Պետութիւնը ժողովո՛ւրդն է, որովհետեւ պետութեան իրաւական ու քաղաքական օրինականութիւն տուողը ժողովո՛ւրդն է: Պետութիւնը իր բոլոր կառոյցներով ու անդամներով համարատու է ժողովուրդին: Պէտք է լսել ժողովուրդին ձայնը. պէտք է ընդառաջել ժողովուրդին կարիքներուն: Կարելի չէ հանդուրժել ստեղծուած ներկայ պայմաններուն, ուր տնտեսական տագնապին եւ ահաւոր փտածութեան հետեւանքները սկսած են դառնալ տիրապետող ներկայութիւն իւրաքանչիւր լիբանանցիի ու ընտանիքի կեանքին մէջ:

Բոլոր քաղաքական պատասխանատուները կոչուած են պատասխանատուութեամբ ու համարատուութեամբ ծառայելու ժողովուրդին: Այլապէս, պէտք է հեռանան: Հայրենիքին գերագոյն պատասխանատուն ժողովո՛ւրդն է:

Ժամանակն է, որ լսենք ժողովուրդին ձայնը:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ