Սուրիական բանակի միաւորներէն մէկը այսօր դէմ դրաւ թրքական ուժերուն Հասիչէի Ահրաս գիւղի իր դիրքերուն ուղղութեամբ թափանցումը եւ ետ մղեց զանոնք:

ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը յայտնեց, որ սուրիական բանակի միաւորը բուռն բախումներ ունեցաւ յարձակող խումբին հետ եւ ետ մղեց զայն: