«Երկիր».-Ատրպէյճանի մէջ բախումներ տեղի կ’ունենան ցուցարարներու եւ երկրի բանակի կառոյցներուն միջեւ: Երկրի իշխանութիւնները արգիլած էին նախատեսուած հաւաքը: Կը հաղորդուի հարիւրաւոր ձերբակալուածներու մասին: Ատրպէյճանի Գլխաւոր Ազգային Ճակատ ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Ալի Քերիմլին, Ազգային Խորհուրդի անդամներ Ուահիտ Մաքերրամլին եւ Թոֆիք Եաղուպլուն: Երեք ընդդիմադիրները դուրս եկած են Քերիմլիի տունէն անցնելով քանի մը հարիւր մեթր, որուն ընթացքին անոնց միացած են հարիւրաւոր ցուցարարներ: Գործիչներու ձերբակալումէն յետոյ ցուցարարները սկսած են հնչեցնել հակակառավարական կարգախօսներ, որմէ ետք ոստիկանութիւնը սկսած է ձերբակալել ցուցարարները: Ձերբակալուած է նաեւ «Ազատլըգ» թերթի աշխատակից Թազեհան Միրալամլին: Պաքուի շարք մը մասերու եւ երկրի տարբեր շրջաններու մէջ անջատուած է համացանցը, կապ հաստատելու խափանումներ կան:
Իշխանութիւնները նախապէս զգուշացուցած էին, որ հանրահաւաքը ապօրինի է, սակայն ընդդիմութիւնը այդուհանդերձ որոշած է իրականացնել: Իշխանութիւնը փակած է գետնուղիի քանի մը կայարաններ եւ ճամբաներ:
Ի Զարմանս բոլորին, իշխանութիւններու ակնյայտ թոյլտուութեամբ շարք մը լրատուամիջոցներ կը լուսաբանեն հանրահաւաքը: