«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ Էրզրում նահանգի Հորասան շրջանի Եազըլըթաշ գիւղին մէջ գտնուող եւ Վանի (Արարատեան) հայկական թագաւորութեան արքայ Մենուային վերագրուող մօտ 3 հազարամեայ ուրարտերէն սեպագիր արձանագրութիւնը վտանգուած է: Գանձագողերը փորձած են զայն կոտրել բրիչով:
Աթաթուրքի համալսարանի մասնագէտ Ալփասլան Ճեյլան յայտնած է, որ պատմական կոթողը գանձագողերու կողմէ կրնայ ամէն պահ պայթեցուիլ, ուստի պատկան մարմիններուն կոչ ուղղած է կանխարգելիչ միջոցներ ձեռնարկելու:
Ալփասլան Ճեյլան 1998 թուականէն սկսեալ կ’աշխատի հետազօտական աշխատանքներով: Այցելելով Եազըլըթաշ գիւղ` ան ականատես եղած է պատմական գրաւոր յուշարձանին հանդէպ պատահածներուն:
«Պատմութիւնը մեր ձեռքով ոչնչացնելու տարբեր ձեւ է սա: Այն ինչ որ թշնամին չի կրնար ընել, մենք մեր ձեռքով կ’ընենք: Ոսկի որոնելու համար կ’ընեն: Այս արձանագրութեան վերջին տողը գրուած է. «Ով կ’ոչնչացնէ այս գրութիւնը, թող արժանանայ աստուածներու անէծքին»: Ժայռի յետնամասը ոսկի չկայ», ըսած է Ճեյլան:
Նշենք, որ Մենուայի այս արձանագրութեամբ կը ներկայացուին արքայի նուաճողական արշաւանքները: