Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2019-ին, Դամասկոսի Միջազգային Օդակայանի մայր ճամբուն վրայ ցուցահանդէսներու համալիրէն ներս «Մաշհատանի» Միջազգային Հաստատութիւնը կազմակերպեց «Սիրպեթրօ» քարիւղի եւ հանքային հարստութեան Սուրիոյ միջազգային ցուցահանդէսը, որուն մաս կազմեցին տեղական, արաբական եւ եւրոպական աւելի քան 50 ընկերութիւններ:

Միութեան նախագահ Մաշհատանի յայտնեց, որ ցուցահանդէսը կը կազմակերպուի տարեկան հերթականութեամբ եւ առիթ կ’ընծայէ մասնագէտներուն փոխանակելու գաղափարներ, որոնք կը նպաստեն Սուրիոյ քարիւղի հատուածի ապագայ ծրագիրներու ուրուագծման: