ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ Ռաքքայի հիւսիսային արուարձանի Թէլ Ապիատ շրջանի Սալլուք աւանին կեդրոնը ականապատուած հեծանիւ մը պայթեցաւ, որուն հետեւանքով 1 զոհ եւ վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ արձանագրուեցան:
Միւս կողմէ, տեղական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Հալէպի հիւսիսային արուարձանի Ռաաի շրջանին մէջ գտնուող Թուէրան գիւղի ճամբուն վրայ պայթուցիկ ականի մը պատճառով զոհուեցաւ քաղաքացի մը եւ ուրիշներ վիրաւորուեցան: