«Երկիր».- 30 Հոկտեմբերին ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին մասին դժգոհութիւնները չեն դադրիր: Ազգային մեծ ժողովի (իմա՝ խորհրդարանի) Թուրքիա-ԱՄՆ միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Մեհտի Էքեր ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներուն նամակ  յղած է: 3 էջանի նամակին մէջ ան երկու երկիրներուն միջեւ եղած յարաբերութիւններուն կ՛ակնարկէր, յայտնելով, որ «Հայկական պնդումները իրականութեան չեն համապատասխաներ»:

Անգարայի Համալսարանի Խորհուրդը իր կարգին  քննադատած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին որոշումը: Յայտարարութեան մէջ յիշուած է, որ այս որոշումը կը սեւցնէ պատմական իրողութիւնները, դառնալով գործիք քաղաքական շահերու եւ ընդգծելով, որ Թուրքիան միշտ պաշտպանած է արխիւներու բացման առաջարկը եւ սա պատմաբաններուն, այլ ոչ թէ քաղաքագէտներուն գործն է. «Ցաւով կը քննադատենք եւ կը մերժենք ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ ընդունուած այս որոշումը: Այս որոշումը կը վտանգէ 19-րդ դարուն սկիզբ առած Թուրքիա-ԱՄՆ ռազմավարական գործակցութիւնը: Կը փափաքինք, որ ԱՄՆ լիազօր մարմինները դարձեալ գնահատական տան եւ յետս կոչեն այս որոշումը»:

Թուրքիոյ մէջ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան փոխնախագահ Նուման Քուրթուլմուշ յայտնած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը արծարծողները թող նախ եւ առաջ հաշիւ տան կարմրամորթներուն ( թուրքերը Ամերիկայի բնիկ ժողովուրդը` հնդիկները այսպէս կ’անուանեն): Իսկ Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակ Իպրահիմ Քալըն 2 Նոյեմբերին ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին պատուիրակութեան հետ հանդիպումին ընթացքին իր երկրին դժգոհութիւնը  յայտնած է պատուիրակութեան` Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներ բովանդակող բանաձեւին առնչութեամբ:

Թուրքիոյ Հայրենիք Կուսացութեան (Vatan Partisi) նախագահ, ազգայնական, տխրահռչակ գործիչ Տողու Պերինչէք, որ ժամանակին դատապարտուած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը հերքելուն համար, դիտել տուած է, որ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին որոշումը յիմարութիւն է. «Այս որոշումը ո՛չ օրէնքի, ոչ ալ մարդկութեան հետ առնչութիւն ունի: Սա կայսերական որոշում է… Այնպէս, ինչպէս Լոզանի, Պերլինի, Փարիզի եւ աշխարհի 7 այլ վայրերու մէջ մեր կոչերուն մէջ յայտարարած են, կը կրկնենք. Հայոց Ցեղասպանութիւնը սուտ է, Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային սուտ է, Հայոց Ցեղասպանութիւնը կայսերապաշտական սուտ է. Համաշխարհային առաջին պատերազմին ընթացքին մենք մեր հայրենիքը  պաշտպանած ենք», յայտարարած է Պերինչէք: