«Արմէնփրէս».-Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի Ուաշինկթըն այցելութիւնը հաւանաբար յետաձգուի: Ան նախատեսուած էր յաջորդ շաբաթ: «Ռոյթըրս» կը տեղեկացնէ, որ այս քայլը ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ իբրեւ բողոքի նշան կը կատարուի:
Էրտողան Ուաշինկթըն պիտի այցելէր 13 Նոյեմբերին, ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրաւէրով, սակայն նախորդ շաբաթ յայտարարած է, որ քուէարկութիւնը հարցականի տակ կը դնէ հետագայ նախագիծերը: