«Երկիր».-Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան նիստին հանդիպում  ունեցած է պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Պրոքոփիոս Փաւլոփուլոսի հետ:

Վարչապետը, ողջունելով Յունաստանի նախագահը ՀՀ կառավարութեան անունով, վստահութիւն  յայտնած է, որ անոր մեր երկիր այցելութիւնը կը նպաստէ հայ-յունական եղբայրական կապերու զարգացման ու ընդլայնումին:

Փրոքոփիոս Փաւլոպուլոս շնորհակալութիւն  յայտնած է վարչապետին ջերմ ընդունելութեան համար եւ դիտել տուած է. «Մենք յատկապէս կ’ողջունենք Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողմէն գործադրուած ջանքերը, որոնք ուղղուած են Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման: Սա շատ կարեւոր քայլ է, եւ մենք մեր աջակցութիւնը կը ցուցաբերենք այդ հարցին: Միւս կողմէ, շատ ուրախ եմ, որ այդ պայքարով Հայաստան  ճանչցած է յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ կ’ողջունենք եւ կ’ուրախանանք, որ վերջերս Ամերիկայի Միացեալ Նախանգներու Ներկայացուցիչներու պալատը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ շատ կարեւոր է: Մենք  վրէժխնդրութեան համար չենք պայքարիր: Մենք  կը պայքարինք որ այլեւս երբեք չկրկնուին նմանատիպ յանցագործութիւնները եւ ոճրագործութիւնները:

Շատ ուրախ եմ եւ կ’ողջունեմ այն եռակողմ համագործակցութիւնը, որ կայ Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ: Հանդիպումներ պէտք է տեղի ունենան արտաքին գործոց նախարարներու, ինչպէս նաեւ երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով: Վստահ եմ, որ եռակողմ ձեւաչափով գործակցութիւնը ոչ միայն օգուտ կրնայ բերել եւ արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ իւրաքանչիւր երկրի համար, այլեւ ընդհանրապէս Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան հետ գործակցութեան համար»:

Այնուհետեւ զրուցակիցները անդրադարձած են ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ գործակցութեան առնչուող հարցերու, միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործակցութեան շուրջ: Վարչապետ Փաշինեան կարեւոր համարած է Յունաստանի կողմէն ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին համաձայնագիրը ըստ կարելւոյն շուտ վաւերացումը:

Կողմերը միտքեր  փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ եւ կարեւոր համարած են Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ գործակցութիւնը` մարտահրաւէրները միասնականօրէն դիմագրաւելու եւ ընդհանուր շահերը պաշտպանելու առումով:

Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն  յայտնած է Յունաստանին ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցով հաւասարակշռուած դիրքորոշում ցուցաբերելուն համար եւ բարձր գնահատած երկկողմ գործակցութիւնը զինուորական ոլորտէն ներս, մասնաւորապէս հայ սպաներու համար Յունաստանի մէջ ուսումնառութեան ծրագիրներու կազմակերպման համար: