«Ասպարէզ».- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան Ներկայացուցիչներու տան կողմէ գրեթէ միաձայնութեամբ ընդունուած եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւը կը նկատէ արդարութեան ի նպաստ յատկանշական քայլ մը, զոր Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ուրացման ամերիկեան մեղսակցութեան վերջ տալու արշաւին նախաքայլը կարելի է նկատել։

Ըստ անոր՝ բանաձեւը ճամբայ պիտի բանայ անպատիժ մնացող Ցեղապանութեան զոհերուն արդար հատուցում ապահովելու ջանքերուն դէմ Անգարայի դրած արգելքները յաղթահարելու, այդ պայքարին մաս դարձնելով Միացեալ Նահանգները։

«Այս իրագործումը արդիւնքն էր Ուաշինկթընի մէջ Հայկական Հարցը ջատագովելու տասնամեակներու աշխատանքին, օրէնսդրական բարդ ռազմավարութեան մը որդեգրումին, ժողովրդային մակարդակով քարոզչութեան եւ տեղական մակարդակի վրայ ընտրական արշաւներու մասնակցութեան եւ քաղաքական աշխուժութեան, ինչպէս նաեւ մեր գործակիցներուն աջակցութեան», կը գրէ Համբարեան, աւելցնելով, որ յատկապէս ուրախ է, որ բանաձեւին մէջ նշում կայ նաեւ յոյն, ասորի եւ այլ փոքրամասնութեանց սպանդներուն, որովհետեւ անոնք եւս զոհեր են Թուրքիոյ ցեղասպանական արշաւին, նոյն ժամանակ խոստանալով պայքարը շարունակել մինչեւ ամբողջական ճանաչում։

Համբարեան նաեւ կը յայտնէ, որ Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի հետ, համայնքին անունով շնորհակալութիւն յայտնելով այս հարցով անոր ցուցաբերած յանդուգն առաջնորդութեան համար, նոյն ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ փոքրամասնութեան ղեկավար Քեւըն ՄըքՔարթիին, որ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներ համոզելու, որ նեցուկ կանգնին բանաձեւին։

Րաֆֆի Համբարեան խորին երախտագիտութիւն կը յայտնէ նաեւ բանաձեւի համահեղինակ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆին եւ Կաս Պիլիրաքիսին, ինչպէս նաեւ հայազգի քոնկրեսականներ՝ Աննա Էշուին, Ճեքի Սփիրին եւ քոնկրեսականներ Ֆրենք Փալոնին, Պրետ Շըրմընին, Քրիս Սմիթին, Էլիըթ Էնկըլին, Ճիմ Քոսթային եւ Ճիմ ՄըքԿավըրնին, որոնք Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ մօտէն գործակցելով՝ կրցան Ցեղասպանութեան հարցով ամերիկեան քաղաքականութիւնը ճիշդ հունի մէջ դնել։