8-9 Նոյեմբերին Մինսքի մէջ տեղի ունեցաւ Ապահովական Պետութիւններու Համագործակցութեան, Կովկասի եւ Սեւծովեան տարածաշրջանի յանձնաժողովի նիստը, որուն Հայաստանէն մասնակցած էին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամներ Լիլիթ Գալստեան եւ Շաղիկ Մարուխեան:

Հայաստանի վերջին շրջանի իրադարձութիւններուն մասին ռուսերէնով զեկոյցով հանդէս եկաւ Լիլիթ Գալստեան` ներկայացնելով իշխանափոխութենէն յետոյ Հայաստանի մէջ արձանագրուող քաղաքական գործընթացները, ներքաղաքական օրակարգերու առաջնահերթութիւններն ու մարտահրաւէրները, նաեւ Դաշնակցութեան` իբրեւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր քաղաքական ուժի առաջնահերթութիւններն ու յառաջիկայ ծրագրերը:

Տարածաշրջանի ժողովրդավարութեան գործընթացներուն, Դաշնակցութեան սփիւռքեան գործունէութեան ու ձեռքբերումներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի հարցի մասին անգլերէնով զեկուցեց Շաղիկ Մարուխեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՀՅ Դաշնակցութեան ընկերաբանական գաղափարախօսութեան, ի նպաստ ընկերային արդարութեան պայքարին, Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ գրասենեակային աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի հարցով մեր ժողովուրդի արդար պահանջին ու Ատրպէյճանի հետեւողական հակաքարոզչութեան:

Աւելցնենք, որ սոյն յանձնաժողովի համանախագահն էր ատրպէյճանցի Արազ Ալիզատէնն, որուն այդքան ալ հաճելի չէր հայկական պատուիրակութեան ելոյթները:

Յիշեցնենք, որ փոխնախագահն էր դաշնակցական Մարիօ Նալպանտեան: