Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս բացուեցաւ առաջին վարագոյրը Լեւոն Շանթի «Եսի Մարդը» թատերգութեան ներկայացման, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գեր. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան «Լեւոն Շանթ» Թատերական Միաւորին։
Ներկայացման կազմակերպիչները մուտքին իրենց բաժնած գրքոյկին մէջ արձանագրած են, որ սոյն ներկայացումը նուիրուած է թատերգութեան հեղինակին՝ Հայ Թատերագրութեան Իշխան եւ Համազգայինի հիմնադիր Լեւոն Շանթի ծննդեան 150-ամեակին։ Դերակատարներու եւ թեքնիք կազմի անուանացանկէն արդէն իսկ կը բացայայտուի, որ ներկայացումը իրականացած է զուտ տեղական ուժերով՝ դերակատարներէն մինչեւ բեմադրիչը՝ Յուշիկ Ղազարեան, որ Միաւորի անդամներէն է։ Նոյնի՛սկ երաժշտութիւնը յօրինած է հալէպահայ երիտասարդ երաժիշտ Յովիկ Օհանեանը՝ յատուկ այս ներկայացման համար, ինչ որ նորութիւն է հալէպահայ բեմին համար։ Յատուկ երաժշտութիւնը միակ նորութիւնը չէ այս իւրայատուկ ներկայացման։ Բեմականացման աշխատանքին մէջ, հիմնական տիպարներուն կողքին, ներգրաւուած էին մեծ թիւով պատանիներ, որոնք կենդանի պատկերներու միջոցաւ արտայայտեցին ներկայացման հիմնական գաղափարը, ինչպէս նաեւ մարմնաւորեցին տիպարներու հոգեվիճակներն ու յուզումները։
«Եսի Մարդը» թատերգութիւնը Լեւոն Շանթի այն թատերգութիւններէն է, որ կը ներկայացնէ հեղինակին ժամանակակից շրջանը։ Հոն ներկայացուած է երիտասարդ յեղափոխական գործիչը՝ Սերդրաք (դերակատար Սագօ Խալոյեան) եւ իր ընկերը՝ Շահան (դերակատար Նազօ Ատուրեան), որոնք յանձն առած են մաքրել դաւաճան Մուշեղին (դերակատար Շանթ Ուրիշիկեան) հաշիւը։ Սակայն Սեդրաք ներքին բախումի վիճակի մէջ է, որովհետեւ Մուշեղ նախապէս ինք նաեւ եղած է յեղափոխական գործիչ եւ Սեդրաքին իտէալը։ Աւելին՝ Մուշեղի այրի քրոջ (դերակատար Լենա Քսաճիկեան) դուստրը՝ Արաքսին (դերակատար Սարին Հայրապետեան), Սեդրաքին առաջին սէրը եղած է, իսկ Սեդրաքին քոյրը՝ Ազնիւը (դերակատար Յուշիկ Ղազարեան) նոյնպէս զգացումներ ունի Մուշեղին հանդէպ։ Լեւոն Շանթ, ստեղծելով այսպիսի բարդ հոգեվիճակներ, խորասուզուած է մարդկային հոգիին խորքերը՝ բացայայտելու համար ՄԱՐԴ արարածի հոգիին իսկական էութիւնը։ Սեղմ տողերու մէջ ներկայացուած են տեսակաւոր տիպարներ, սկսեալ Մուշեղին օգնական Աբրահամէն (դերակատար Յովիկ Ղազարեան), որ կը ներկայացնէ պատեհապաշտ շահամոլը, մինչեւ գաղափարի նուիրեալ երիտասարդը։ Այս բոլորը հանդիսատեսին առջեւ կը բացայայտուին Լեւոն Շանթի դաւանած գաղափարաբանութեան ֆոնին վրայ։
Թատերախումբը բաւական յաջողած էր այս բոլորը ներկայացնել։ Իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն խնամքով աշխատցուած էր. ուշագրաւ էին նաեւ իւրայատուկ որմնազդը, զոր պատրաստած էր Յովսէփ Չալօղլեանը, ինչպէս նաեւ ներկայացման նախօրեակի քարոզարշաւը՝ դիմատետրի միջոցով։
Երիտասարդ կազմին ողջունելի մէկ քայլն էր, Համազգայինի իսկական առաքելութեան համահունչ՝ ներկայացում մը հրամցնել արդիական ոճով, հաւատարիմ մնալով աւանդականին։ Ներկայ հանդիսատեսներուն բուռն ծափահարութիւնը ամէնէն մեծ վկայութիւնն էր ներկայացման յաջողութեան։
Թատերգութիւնը պիտի ներկայացուի երկրորդ անգամ յառաջիկայ Կիրակի եւս՝ 24 Նոյեմբեր 2019-ին։
Թղթակից