Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբերին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Հալէպի զանազան թաղամասերը։
Հալէպի ոստիկանութենէն յայտնեցին, որ Հալէպի արեւմտեան շրջանին ու հիւսիսարեւմտեան գիւղերուն մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ բուռն հրթիռակոծման ենթարկեցին Հալէպի Աազամիէ, Ճեմիլիէ, Սէյֆ Ատտաուլէ, Հալապ Ճատիտէ եւ Համտէնիէ թաղամասերը։ Հրթիռներ ինկան բնակարաններու եւ բանուկ հրապարակներու վրայ։ Արձանագրուեցան 7 զոհ եւ 40 վիրաւոր։
Վիրաւորները փոխադրուեցան Ռազի եւ Ռաշտին հիւանդանոցներ։