«Հորիզոն».-ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի հրաւէրով Քանատա ժամանած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան քաղաքական հանդիպումներուն ծիրէն ներս, 4 Դեկտեմբերին Օթթաուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնատարներուն ներկայացուցիչներուն հետ։

Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին Իշխան Սաղաթէլեան յատկապէս ընդգծեց տարածաշրջանի հակամարտութիւնները խաղաղ ձեւով կարգաւորելու անհրաժեշտութիւնը, շեշտելով, որ Արցախի հակամարտութիւնը պէտք է յանգի խաղաղ կարգաւորման: Ան աւելցուց, որ տագնապի խաղաղ լուծման հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ համախոհութեան գոյացնելու տեսանկիւնէն դրական քայլ պիտի ըլլայ Արցախի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ բոլոր կողմերու քաղաքական յանձնառութիւնը։
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Քանատա-Հայաստան փոխ յարաբերութիւնները զարգացնելու հեռանկարները։
Իշխան Սաղաթէլեանի կ՚ընկերակցէին ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան եւ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան: