«Հորիզոն».-Ընդառաջելով Արեւմտեան Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրին, 5 Յունուար 2020-ին, Քանատայի փոխադրամիջոցներու նախարարութեան խորհրդարանական քարտուղար Թերի Պիչ եւ Քանատայի Պրիթիշ Քոլոմպիոյ Առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքս մասնակցեցան Պրիթիշ Քոլոմպիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ Սուրբ Ծննդեան պատարագին եւ Հայ կեդրոնի Լազարեան սրահէն ներս կայացած Ճաշկերոյթին: Անոնք խօսք առին եւ շնորհաւորեցին հայ համայնքը Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, շեշտելով որ իրենք պիտի շարունակեն զօրակցիլ Քանատայի Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգի հայ համայնքին:
Հ.Յ.Դ. Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Վահիկ Յակոբեան եւ Արեւմտեան Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի շրջանի ներկայացուցիչներ Վահէ Անտոնեան, Թիթառ Քէօշքէրեան, Մեղրիկ Սիւլահեան Չափանեան և դոկտ. Ռաֆֆի Չափանեան յատուկ հանդիպում մը ունեցան Խորհրդարանի անդամ եւ փոխադրամիջոցներու նախարարութեան խորհրդարանական քարտուղար Թերի Պիչի եւ Քանատայի Պրիթիշ Քոլոմպիոյ Առողջապահութեան նախարար Ատրիան Տիքսի հետ, ուր լայնօրէն քննարկուեցան Արցախի տագնապի լուծման առնչուած հարցեր: Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը անդրադարձաւ հակամարտութեան պատմութեան և Արցախեան հիմնահարցի իրաւական խորքին: Խորհրդարանի անդամ Թերի Պիչ պատրաստակամութիւն յայտնեց արծարծուած հարցերը փոխանցելու Քանատայի արտաքին գործոց նախարարին:
Յանձնախումբը զեկուցեց նաեւ սուրիահայ գաղթականներ հովանաւորելու Պրիթիշ Քոլոմպիոյ հայ համայնքի տարած յաջող չորսամեայ գործունէութեան մասին:
Մեղրիկ Սիւլահեան Չափանեան