Այո, ճիշդ է, որ ամէն մարդ կրնայ ունենալ իտէալ մը, բայց ես ունիմ մէկէ աւելի իտէալներ, որոնցմէ ամէն մէկը մեծ արժէք ունի կեանքիս մէջ։
Առաջինը՝ հայրս է։ Կ’ուզեմ ապագային անոր պէս հայր մը ըլլալ, զաւակներուս վրայ գուրգուրալ եւ հաճելի ժամանակ անցընել անոնց հետ։ Նաեւ կ’ուզեմ հօրս պէս ազնիւ վաճառական մը ըլլալ։
Անձնական կեանքիս կողքին հետաքրքրուած եմ նաեւ պասքեթպոլով եւ իմ երազս է հասնիլ միջազգային պասքեթպոլիստ Kyrie Irving-ի մակարդակին։ Ան ոչ միայն լաւ խաղացող է, այլ նաեւ առաքինի անձ մըն է։ Ներկայիս մաս կը կազմէ Broklin Nets խումբին եւ ԱՄՆ հաւաքական խումբի մէջ, ինչպէս նաեւ մեծ բարերար մըն է։
Չեմ կրնար իմ իտէալները չհամարել նաեւ շատ մը քաջ հայ զինուորներ ու ֆետայիներ, որոնք ծառայեցին իրենց ազգին, առանց անձնական շահերու, ինչպէս՝ Գէորգ Չաւուշ, Սերոբ Աղբիւր եւ ուրիշներ։ Այնքան ատեն, որ մենք դատ ունինք, մենք ամէն բան պէտք է ընենք ի խնդիր մեր դատի լուծման։
Ահաւասի՛կ իտէալներս։ Ես այս մարդիկը ընտրեցի իբրեւ կեանքի բարձր օրինակ, որովհետեւ ամէն մէկը կ’ամբողջացնէ կեանքիս մէկ կողմը՝ մէկը անձնական կեանքի օրինակ է, միւսը՝ մարզական, իսկ այլոք՝ ազգային հերոսներ են, որոնց շնորհիւ սորվեցայ ծառայել ազգիս ու հայրենիքիս։
Քրիստ Ֆրանգեան
Ժ. Կարգ
Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան