«Հրապարակ».- Պարոն Իշխանեան, յառաջիկային պիտի մեկնի՞ ք Մոսկուա, որպէս Արցախի նախագահի թեկնածու,-  հարցուցինք Արցախի Հանրապետութեան նախագահի ՀՅԴ-ի թեկնածու Դաւիթ Իշխանեանին:

-Առաջարկը եղած է տեղւոյն մեր կառոյցին կողմէ, բայց տակաւին չեմ որոշած մեկնիլ:

-Իսկ ինչպէ՞ս կը գնահատէք ձեր առաւելութիւնները նախագահական ընտրութիւններուն:

-Յաղթանակի ակնկալիքով  պայքարի մէջ մտած եմ:

– Այդ ընտրութիւններուն որո՞ւ յարմար կը տեսնէք, տեսակէտ կայ, որ Արայիկ Յարութիւնեանը յաղթէ:

-Ես չեմ առաջնորդուիր ընկերային ցանցերով, ընկերային մետիան ունի իր դերակատարութիւնը, սակայն գործնական քաղաքականութիւնը բոլորովին այլ բան է:

-Եւ ի՞նչ կ’ըսէ գործնական քաղաքականութիւնը․ խաղի մէջ ձեր մտնելէն ետք սկսան խօսիլ ընտրութիւններու երկրորդ փուլի մասին, ինչո՞ւ:

-Թեկնածուներու ցանկը այնքան մեծ է,  գումարած ընտրութիւններու մանրամասնութիւնները, այդ պատճառով եղաւ այդ:

-Կ’ըսեն, թէ բոլոր թեկնածուներուն միջեւ պայքար կայ` ՀՀ իշխանութիւններուն սիրելին դառնալու համար։ Դուք Հայաստանի իշխանութիւններուն սիրելիներէ՞ն  էք:

-Կը կարծեմ, որ բոլորը պէտք է Հայաստանի իշխանութիւններուն սիրելին ըլլան, որովհետեւ նոյն ժողովուրդի երկու պետութիւններու զաւակներն ենք:

-Ի դէպ, եթէ նախագահական ընտրութիւնները կրկին դիտելու գան «Թրանսփերենսի ինթերնեյշնլը» եւ «Իրազեկ քաղաքացիները», ինչպէ՞ս կը վերաբերիք անոնց հետ:

-Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու կամ համապետական որեւէ ընտրութեան ընթացքին տարբեր կառոյցներու դիտորդներ մշտապէս եղած են, եւ անցած ՏԻՄ ընտրութիւններուն այդ երկու կազմակերպութիւններու ներկայութիւնը զարմանալի չէր, տարակուսելին ու զարմանալին ան էր, որ տեղեկատուական դաշտին մէջ շատ իւրայատուկ վերաբերմունքի արժանացած կառոյցներ էին: Ամէն պարագայի,  մենք բաց ենք բոլորին համար: