28 Յունուարին Հայոց բանակին 28-ամեակը կը յիշատակենք:
Հայոց բանակը մեր պետութեան եւ ժողովուրդին ապահովութեան երաշխիքը ըլլալուն կողքին, խաղաղութեան ու ժողովրդավարութեան գրաւականը հանդիսացաւ:
Երկրի ու պետութեան կերտման ճամբուն հայկական բանակին կազմաւորումը հիմնական քայլ համարած ու հայոց բանակը կազմաւորած էին 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչները:
Հայաստանի վերանկախացումով, 1992-ին վերստին ոտքի կանգնեցաւ մեր անկախ պետութիւնը ու կերտեց իր զինուած ուժերը՝ Հայոց բանակը: Բանակ, որ անցաւ Հայաստանի վերանկախացման եւ Արցախի ազատագրական փուլերէն ու տարուէ տարի հզօրանալով ոչ միայն իր երկրի սահմանները պաշտպանեց, այլեւ առաքելութիւն ստանձնեց այլ երկիրներու մէջ, այնտեղ եւս ծառայելով խաղաղութեան հաստատումին:
Մինչ դրացի երկիրներու բանակներ պատերազմ կը հրահրէին ու այլ երկիրներու սահմաններ թափանցելու բռնատիրական քաղաքականութեան գերին կը դառնային, Հայոց բանակը, միշտ պատրաստ ըլլալով պատերազմով իսկ պահպանելու իր երկիրը, խաղաղութիւն տարածելու առաքելութիւնը ի կատար կþածէր:
Ատրպէյճանական յարձակողապաշտ, իսկ Թուրքիոյ ծաւալապաշտ քաղաքականութեան մասին վկայութիւններ բերելը աւելորդ է: Վերջին 20 տարիներուն, Հարաւային Կովկասի թէ Միջին Արեւելքի մէջ ակներեւ են յիշեալ երկիրներու զինուած ուժերուն սանձարձակութիւնները:
Նմանօրինակ սանձարձակումներուն դէմ Հայոց բանակն է կանգնած իր ամրակուռ շարքերով, նուիրեալ զինուորներով եւ զինուորական մասնագիտական նուաճումներով:
Հայոց Բանակի զինուորներն ու մասնագէտները Սուրիոյ մէջ ականազերծման իրենց աշխատանքներով փաստեցին, որ խաղաղութեան համար ալ կը պայքարին ու պատրաստ են ներդրում բերելու այլ երկիրներու խաղաղութեան հաստատման մարդասիրական գործընթացին:
Հայոց բանակը ժողովրդավարութեան պահպանման երաշխիքն էր նաեւ, որովհետեւ իր զէնքը ուղղեց թշնամիին, իսկ թիկունքով, մէկէ աւելի առիթներով, տէր կանգնեցաւ ժողովուրդին, պաշտպանելու զայն ներքին բախումներէ եւ նպաստելու ժողովրդավարութեան հաստատման անոր արդար պահանջքին իրականացման:
Հայոց բանակը համահայկական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ անոր շարքերուն ծառայած են, կը ծառայեն ու պիտի ծառայեն ոչ միայն Հայաստանի բնակիչները, այլ ի հարկին նաեւ՝ սփիւռքահայ երիտասարդները: Հայաստանի սահմանները պաշտպանողը կը պաշտպանէ ողջ հայութիւնը, այդ սահմանին ապահովութիւնը համայն հայութեան ապահովութիւնը կը խորհրդանշէ: Իսկ երկիրներն ու ժողովուրդները միայն խաղաղ պայմաններու մէջ կրնան զարգանալ ու բարգաւաճիլ:
«Գ.»