Այսօր՝ Կիրակի, 9 Փետրուար 2020-ին, Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ բանակը անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին ազատագրած է Իտլիպի եւ Հալէպի նահանգներուն պատկանող աւելի քան 600 քառակուսի քմ. աշխարհագրական տարածք եւ իր վերահսկողութիւնը հաստատած է քանի մը տասնեակ գիւղերու, աւաններու եւ բլուրներու վրայ։

Հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ յիշեալ տարածքին վրայ կայք հաստատած ահաբեկիչներ տսրիներէ ի վեր սպանութեան եւ քանդումի ամէնէն զազրալի ոճիրները կը գործէին, խաղաղ բնակչութեան կեանքին սպառնալով։
Հրամանատարութեան համաձայն, այսօր առաւօտ Հալէպի արեւմտեան շրջանները ամբողջութեամբ ազատագրած սուրիական բանակի միաւորները, շարունակելով իրենց յառաջխաղացքը հանդիպած են Իտլիպի արեւելեան կողմը ազատագրող ու յառաջացող բանակի միաւորներուն։

Հրամանատարութիւնը վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը վերականգնելու ժողովուրդին արժանապատիւ ու խաղաղ կեանքը եւ ազատագրելու Սուրիոյ ամբողջական տարածքը ահաբեկիչներէն եւ զինուորական ապօրինի ուժերէն։