ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋ
Հայկական ամենասիրուած տօներէն մէկը Տեառնընդառաջն է, որ ձմրան ամենացուրտ օրերուն կրակ վառելու սովորութիւնն է։ Կրակը տակաւին հնագոյն ժամանակներէն մարդկութեան մօտ սրբազան տեղ կը գրաւէ։ Քարայրի մէջ բնակող մարդուն համար, որ արհեստականօրէն կրակ վառելու միջոցը չունէր, կրակը վառած պահելը մահ ու կենաց խնդիր էր, որովհետեւ միակ գրաւականն էր ապահովելու տաքութիւն եւ հեռու պահելու վայրի կենդանիները։ Կրակը վառած պահելու պարտականութիւնը տրուած էր ցեղախումբի տարիքոտ կիներուն, այդ պատճառով ալ մինչեւ նոր ժամանակներ տարիքոտ կիներ առնչուած էին կրակին հետ։ Ընդհանրացած պատկեր է պառաւ կախարդը, որ միշտ կրակարանին վրայ կաթսայ մը դրած կը խառնէ բովանդակութիւնը։ Հետագայ դարերուն, մարդկութիւնը երբ կատարեց իր գիւտերուն մեծագոյնը՝ արհեստական միջոցներով կրակ վառելը, շարունակեց կրակը վառ պահելու գաղափարը իր տեղը գրաւել առասպելաբանական ու խորհրդանշական աշխարհին մէջ։ Հռոմի մէջ իմաստութեան դիցուհիին Վեսթայի տաճարը ունէր վեց նուիրեալ քրմուհիներ, որոնք յայտնի էին Վեսթալուհիներ կամ Վեսթայի կոյսեր անունով։ Անոնք տասներեք տարեկանին կ’ընտրուէին, յաճախ ականաւոր ընտանիքներէ եւ երեսուն տարուան համար կը ծառայէին Վեսթայի տաճարին մէջ. անոնց պարտականութիւնն էր միշտ վառ պահել սրբազան կրակը։ Որեւէ փորձանք պատահելու պարագային, շատեր պատասխանատուութիւնը կը բեռցնէին անոնց վրայ, թէ անոնք կրակը վառ չեն պահած, կամ իրենց անձնական վարքով հաւատարիմ չեն մնացած իրենց երդումին։
Կրակը միշտ ալ եղած է առատութեան ու մաքրութեան խորհրդանիշ։ Կրակի աստուածները եղած են ամէնէն սիրուածները եւ անոնց պաշտամունքը տարբեր իմաստ կ’առնէր յատկապէս ձմրան պաղ ամիսներուն։ Տեառնընդառաջը հնագոյն դարերէն հայութեան ամէնէն սիրուած տօներէն մէկն էր, նուիրուած կրակի աստուած Միհրին։ Բաւական մանրամասն գրականութիւն կայ հեթանոսութենէն քրիստոնէութիւն անցումին մասին։ Սակայն քիչեր գիտեն, որ այսպիսի տօներ ընդհանրացած էին հին աշխարհի գրեթէ բոլոր ժողովուրդներուն մօտ։ Կրակի տօները բաժնուած էին երկու բաժիններու. առաջինը՝ հերթական տօներն էին, որոնք տեղին կ’ունենային հերթական- օրէն, տարուան որոշ թուականին, իսկ երկրորդը՝ կարիքի արդիւնքով որեւէ ատեն կրակ վառելու արարողութիւնն էր։
Հերթական կրակի տօները յաճախ կ’ըլլային հետեւեալ ձեւով՝ Մեծ Պահքի առաջին Կիրակիի խարոյկ, Յարութեան տօնի խարոյկ, ամառնային կամ ձմեռնային արեւադարձերու խարոյկներ, աշնան՝ Հալուին տօնի խարոյկ։ Յիշեալներուն մէջէն առաւելաբար գարնանային եղանակին վառած խարոյկները կապուած են առատութեան ու պտղաբերութեան հետ։
Նկատի առնելով թուականը, Մեծ Պահքի առաջին Կիրակին վառած կրակը կարելի է նկատել ամէնէն մօտը մեր Տեառնընդառաջի խարոյկի սովորութեան։ Այս սովորութիւնը ընդհանրացած էր Պելճիքայի, Ֆրանսայի ու Գերմանիոյ կարգ մը շրջաններուն մէջ։ Կարգ մը շրջաններու սովորութիւններուն համեմատ, խարոյկին մէջտեղը կը կանգնեցնէին կայմ մը, որ կը կոչուէր «Մաքրալ» այսինքն՝ պառաւ կախարդ։ Երիտասարդներ ու երեխաներ կրակին շուրջը կը պարէին ու երբեմն ալ վրայէն կը ցատկէին։ Անոնք կը հաւատային, որ յատկապէս խարոյկին մուխը բուժիչ յատկութիւններ ունէր։ Հովիւներ իրենց հօտը կ’անցընէին մուխին մէջէն, հեռու պահելու համար հիւանդութիւնները, չար աչքերն ու գիշատիչ կենդանիները։
Ֆրանսական կարգ մը աւաններու մէջ, երեխաներ տունէ-տուն կը պտտէին խարոյկի վառելանիւթ փայտեր ու մացար հաւաքելու համար։ Եթէ որեւէ մէկը մերժէր տալ, խրախճանքէն ետք երեխաները կը հալածէին զինք եւ մարած խարոյկին մոխիրով երեսը կը սեւցնէին։ Ամուրի տղաք ու աղջիկներ կը ցատկէին կրակին վրայէն, անոնք որոնք կարենային կրակին վրայէն ցատկել առանց զգեստին ծայրերը այրելու, կը նշանակէ, թէ յաջորդ տարին պիտի ամուսնանային։ Մացարներն ու փայտերը խարոյկին մէջ նետած պահուն անոնք կը բացագանչէին՝ «Քիչ տերեւ, շատ պտուղ», կամ՝ «Ամէն ճիւղի փոխան՝ սակար մը պտուղ»։ Կրակը յաճախ կը վառէին գիւղի մօտակայ ամէնէն բարձր կէտին վրայ, իսկ վարողը կ’ըլլար գիւղի նորագոյն փեսան։ Սովորութիւնները կ’ընդգրկէին նաեւ կրակէն բան մը առնել՝ կանթեղներով կամ ջահերով դաշտերու եւ այգիներու մէջ դառնալ, կամ այցելել նորապսակ զոյգերու տուները, անոնց մաղթելով առատութիւն ու պտղաբերութիւն։ Զանազան շրջաններու մէջ տարբեր հացահատիկներ կը խանձէին կրակին մէջ ու կը ճաշակէին, նոնպէս իբր պտղաբերութեան ու առատութեան նշան։
Անկարելի է չնկատել, թէ որքան այս սովորութիւնները կը նմանին մեր հայկական Տիառնընդառաջի խարոյկին սովորութիւններուն։ Անոնք Եւրոպայի մէջ 19-րդ դարու կէսերուն դադրեցան եւրոպական գիւղական կեանքի մէկ բաժինը ըլլալէ, սակայն հայութիւնը՝ իբր աւանդապաշտ ժողովուրդ, պահպանած է այս սովորութիւնները, որոնք հնագոյն ժամանակներէ եկած են։ Ի տարբերութիւն եւրոպական կրակի տօներուն, Հայ Եկեղեցին ոչ միայն չէ հալածած սիրուած այս սովորութիւնները, այլեւ որդեգրած է զանոնք եւ տուած հոգեւոր-եկեղեցական խորք։ Մինչ Եւրոպայի մէջ եկեղեցին հալածած է այս սովորութիւնները, զանոնք նկատելով հեթանոսական արտայայտութիւններ, կախարդութիւն եւ հերետիկոսութիւն։
Այսպիսի սովորութիւններու պահպանումը ոչ միայն կը նպաստէ ազգային ինքնութեան պահպանման, այլ նաեւ անոնք կարեւոր ազդակներ են մարդու հոգեւոր կազմուածքին ու բնութեան հետ առնչուածութեան։ Տեառնընդառաջի խարոյկին շուրջ պարելու ընթացքին, չենք կրնար չհաղորդուիլ մեր նախահայրերուն հետ, չմիանալ անոնց յիշատակին, ինչպէս նաեւ չենք կրնար չզգալ թէ ինչպէս բնութեան ու կլիմայի փոփոխութիւնները կ’ազդեն մեր վրայ։
Կրակը աշխարհի գրեթէ բոլոր ազգերուն մօտ կը շարունակէ մնալ սրբազան խորհրդանիշ, բոլոր ազգերը իրենց նահատակներուն յիշատակին կը պահեն անմառ կրակ, հետեւելով Հռոմի Վեսթայի տաճարին օրինակին։ Ամերիկայի խորհրդանիշ Նիւ Եորքի ազատութեան արձանը կը ներկայացնէ կին մը, որ մէկ ձեռքին ջահ բռնած է։ Կրակը նաեւ կը խորհրդանշէ մտքի արթնութիւնն ու իմացականութիւնը։ Ըստ հին յունկան առասպելին, Փրոմեթիոս աստուածներու բնակավայր Օլիմփուսէն կը գողնայ գիտութեան բոցը եւ կը հասցնէ մարդկութեան եւ այդ պատճառով ալ կ’ենթարկուի աստուածներու խստագոյն պատիժին։
Կրակը տաքութիւնն է, լոյսն է եւ ապահովութիւնը թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ հոգեւոր իմաստներով… այս Տիառնընդառաջին վառենք մեր մոմերը եւ Քրիստոսի լոյսէն մաս մը տանինք մեր տուները, բայց անոր հետ ալ տանինք նաեւ մեր հին աստուածներէն, մեր նախահայրերէն ու աւանդութիւններէն ալ բան մը։ Թող անոնք միշտ մեզի հետ մնան, իբր հոգիներ ու սիրտեր ջերմացնող մոմեր։
Յուշիկ Ղազարեան