Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2020-ին Սուրիոյ խորհրդարանը գումարեց իր 10-րդ նիստը, ուր խորհրդարանը միաձայնութեամբ քուէարկեց Սուրիական-Հայաստանեան Խորհրդարանական Բարեկամութեան Յանձնաժողովին ներկայացուցած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւը։ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Համուտա Սապպաղ խօսք առնելով յայտնեց, որ ներկայիս Թուրքիոյ թշնամական ընթացքը հիմնուած է օսմանեան բարբարոսական գաղափարին վրայ, շեշտելով որ հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուած ոճիրները ներկայիս կ՛իրագործուին Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ նոյն ոճրագործ թուրքին կողմէ։ Ան յայտնեց, որ 1915-ին, Սուրիա գրկաբաց ընդունեց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերը, որոնք դարձան հաւատարիմ քաղաքացիներ եւ անբաժանելի մասը սուրիական ընկերութեան։ Սապպաղ շեշտեց, որ նման ոճրագործութիւններ մոռացութեան չեն ենթարկուիր։ Ապա դիտել տուաւ, որ Էրտողանի օսմանական հաւատադրժողական քաղաքականութիւնը մինչեւ օրս կը շարունակուի։ Ան շեշտեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ Օսմանեան Կայսրութեան իրագործած ոճիրներուն դատապարտումը մարդկային, բարոյական եւ քաղաքական պարտականութիւն է։ Սապպաղ յայտնեց, որ աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայերու ցեղասպանութիւնը պարզապէս պատմական դէպք մը չէ, այլ խարան մը՝ համայն մարդկութեան ճակտին։ Ահա թէ ինչո՛ւ օսմանեան ոճիրներու դատապարտումը կը նշանակէ բոլոր բռնատէրերուն, ներառեալ Էրտողանին սանձումը նման ոճիրներ գործելէ։
 
Սապպաղ եզրափակելով ըսաւ. “Այսօր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի խոհեմ ղեկավարութեան շնորհիւ, սուրիական բանակը դէմ կը դնէ թրքական բանակին յարձակումներուն եւ կը վանէ օսմանեան ոճիրները, արձանագրելով պատմական յաղթանակ»։