«Երկիր».-14 Փետրուարին Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցելու համար ՀՅ Դաշնակցութիւնը ընտրական ցուցակ ներկայացուցած է Արցախի Հանրապետութեան կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին: Ցուցակը կը գլխաւորէ նախօրօք ԱՀ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Դաւիթ Իշխանեանը: Ցանկի երկրորդ կարգին վրայ Արթուր Մոսիյեանն է, երրորդը` Վահրամ Բալայեանը: ՀՅԴ ընտրական ցուցակի չորրորդ կարգին վրայ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետուհի Արմինէ Յարութիւնեանն է: Ընտրական ցանկին մէջ ներառուած է 33 թեկնածու:
13 Փետրուարին Ստեփանակերտի «Եւրոպա» հիւրանոցի դահլիճէն ներս հանդիպած են ցանկի մէջ ընդգրկուած թեկնածուները, որուն ընթացքին խօսուած է քարոզչութեան ընթացքին կիրառուելիք մարտավարութեան մասին:
ՀՅԴ ընտրական ցուցակին մէջ ներառուած են թեկնածուներ Արցախի բոլոր շրջաններէն: