ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ պասքեթի տղոց հաւաքականը Յորդանանի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ապտուլլահ թագաւորի անուան միջազգային մրցաշարքին:
– ՀՄԸՄ-ի պասքեթի երիտասարդական խումբը, յաջողութեամբ աւարտելով Հալէպի խմբաւորումի մրցաշարքը, փոխանցուեցաւ աւարտական փուլ, որուն մրցումները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ օրերուն:
– Սուրիոյ Ճէյշի Եւ Ուասպէի ֆութպոլի խումբերը իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ասիոյ բաժակի մրցումներուն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՄՀԵՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆ
Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեստի մէջ տեղի ունեցած քարաթէի Եւրոպայի պատանեկան մինչեւ 21 տարեկաններու մրցաշարքի առաջին օրը, Հայաստանի հաւաքականը նուաճեց մէկ մետալ: 52 քկ. ծանրութեան կարգի մէջ Մհեր Ղազարեան առաջին փուլի բոլոր մրցումները յաղթական աւարտելով հասաւ եզրափակիչ, ուր պարտութեան մատնուեցաւ Գերմա- նիոյ ներկայացուցիչէն եւ ստացաւ արծաթեայ մետալ՝ դառնալով Եւրոպայի փոխախոյեան:
Յիշեցնենք, որ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 52 երկիրներէ 11.155 մարզիկներ: Հայաստանի քարաթէի երիտասարդական հաւաքականի մարզիչ Սերիոժա Մակարեան հաւաքականին հրաւիրած է 16 մարզիկ:
ՔԻԵՒԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ
Քիեւի մէջ տեղի ունեցած բռնցքամարտի մրցաշարքին, 8 Փետրուարին երեք ուքրանաբնակ հայեր յաջողեցան յաղթական աւարտել իրենց մենամարտերը: Ըստ Արմէնփրէսի տեղեկութիւններուն, աշխարհի ախոյեան Արտեմ Թալաքեան 4-րդ անգամ ըլլալով կրցաւ պաշտպանել իր տիտղոսը, եւ պարտութեան մատնել վենեզուելացի բռնցքամարտիկ Հոսփըր Փերեզը: Այս առաջին անգամն էր որ Փերեզ իր մենամարտը կը կատարէր հարաւային Ամերիկայէն դուրս, իսկ Թալլաքեան չորրորդ անգամն է որ կը պահպանէ աշխարհի ախոյեանի իր տիտղոսը: Աշխարհի ախոյեան Արտեմ Թալաքեան երկու տարի առաջ իր տիտղոսը նուաճեց Ամերիկայի մէջ՝ պարտութեան մատնելով ամերիկացի Փրայան Վիլորան: Union Boxing Promotion-ի բռնցքամարտի մրցումներուն, Զօրաւոր Պետրոսեան եւ  Արամ Ֆանիեան դարձեալ յաղթական աւարտեցին իրենց մենամարտերը: Զօրաւոր Պետրոսեան (6-0, 2-0) 5-րդ փուլին նաքաութի ենթարկեց Պելառուսի ներկայացուցիչ Նաթզիր Բախշիեւը,  իսկ Արամ Ֆանեան  (13-1, 1-0) 8-րդ փուլի կէտերով յաղթեց  Արտիոմ Այվազիթիին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԱՐՍԷՆ ՖԷՆԿԷՐ ԿՐՆԱՅ ԴԱՌՆԱԼ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԱԿՈՒՄԲԻ ՆԱԽԱԳԱՀ
Անգլիոյ Արսենալի նախկին գլխաւոր մարզիչ Արսէն Ֆէնկէր կրնայ անցնիլ տարբեր տեսակի աշխատանքի, եւ դառնալ ֆրանսական Ռէն ակումբի նախագահ: Ըստ ֆրանսական L’Equipe-ին, Ռէն ակումբի սեփականատէրը աշխարհի ամենահարուստ գործարարներէն  մէկն է՝ Ֆրանսուա Պինոն: Աւելցնենք, որ ֆէնկէր 1996-2018-ին մարզած է Անգլիոյ Արսենալը, եւ անոր հետ արժանացած է 17 տիտղոսի:
ՄԵՍՍԻ ԿՐՆԱՅ ԼՔԵԼ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ
Վերջին շրջանին Սպանիոյ ախոյեանի՝ Պարսելոնայի ակումբը կը տառապի բազմաթիւ հարցերէ, որոնց գագաթնակէտն է  խումբի յարձակողական խաղացող Լիոնէլ Մեսսիի եւ ակումբի թեքնիք տնօրէն Էրիք Ապիտալի միջեւ ստեղծուած լարուած մթնոլորտը: Ըստ սպանական թերթերուն, Մեսսի գոհ չէ խումբի վիճակէն, որովհետեւ ըստ խաղացողին, ակումբի ղեկավարները թերացած են իրենց պարտականութիւններուն մէջ, երբ չեն կրցած կազմին միացնել նոր խաղացողներ: Եւրոպական այլ ակումբներ օգտուելով այս իրավիճակէն, բանակցութիւններ սկսած են վարել արժանթինցի խաղացողին հետ: Ֆրանսական Փարիզ Սան Ժերմանը, անգլիական Մանչեսթըր Սիթին, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ Միլան ու Իւվենթուս ակումբները փափաք յայտնած են Մեսսին միացնել իրենց խումբին:
Աւելցնենք, որ արժանթինցի խաղացողը վերջերս հրապարակաւ սկսաւ արտայայտուիլ՝ քննադատելով ակումբի պատասխանատուներուն ընթացքը: Ան համաձայն չէր Վալվերտիի դադրեցումին:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան