Շաբաթ, 23 Փետրուար 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական ժողովուրդի Հանրապետական Կուսակցութիւնը խստիւ դատապարտած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի ընդվզեցուցիչ եւ վտանգաւոր քաղաքականութիւնը, յատկապէս Իտլիպի ահաբեկիչներուն ցուցաբերած աջակցութիւնը:
Կուսակցութեան բանբեր Ֆայէք Օզդրաք «KRT» պատկերասփիւռային կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Էրտողան թուրք զինուորները կ’օգտագործէ որպէս մարդկային վահաններ՝ Իտլիպի մէջ ահաբեկիչներուն պաշտպան հանդիսանալու եւ սուրիական բանակին յառաջխաղացքը կասեցնելու համար»:
Օզդրաք հաստատեց, որ կուսակցութիւնը կը մերժէ Թուրքիոյ միջամտութիւնը Սուրիոյ ներքին հարցերուն, աւելցնելով, որ Էրտողանի սանձարձակութիւնը կը բարդացնէ յատկապէս սուրիացի գաղթականներուն վիճակը: