«Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարար Ֆահրեթթին Քոջան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ 29 Մարտին դրութեամբ պսակաձեւ ժահրով (Covid-19) մահացածներու թիւը հասած է 131-ի:
Նախարարը ըսած է, որ 24 ժամուան ընթացքին կատարուած 9․982 քննութեան արդիւնքով հաստատուած է պսակաձեւ ժահրով վարակուողներու 1.815 նոր պարագայ: Նոյն ժամանակահատուածին գրանցուած է վարակակիրներու մահուան 23 պարագայ:
Այսպիսով, ըստ վերջին տուեալներուն, Թուրքիոյ մէջ իրականացուած է 65․446 քննութիւն, որուն արդիւնքով հաստատուած է պսակաձեւ ժահրով վարակման 9․982 եւ մահուան 131 պարագայ: Ընդհանուր առումով ապաքինուած է 105 մարդ։ 568 հիվանդի վիճակը ծանր է։