Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեց, 30 Մարտ 2020-ին Հայ Օգնութէան Միութիւնը (ՀՕՄ) Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան օժանդակութեան կոչին արձագանգելով, Պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարելու նպատակով, Արցախ կը ղրկէ բժշկական իրերու (ջերմաչափեր) իր երկրորդ առաքումը: Կ՚ակնկալուի, որ ան Արցախ պիտի հասնի գալ շաբթուան ընթացքին: Շտապ օգնութեան այս նախաձեռնութիւնը կարելի եղաւ իրականացնել ՀՕՄ-ի եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ Բիւրօ) ճիգերով: Յառաջիկայ օրերուն կը նախատեսուի կատարել երրորդ առաքում մը եւս:

Նախապէս, Մարտ ամսուան սկիզբը, ՀՕՄ-ի, Հայաստանի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի, Chevy Chase Վիրաբուժական Կեդրոնին եւ Անի եւ Նարօտ յիշատակի հիմնադրամի համագործակցութեամբ, շտապ օգնութէան առաջին հանգրուանը իրագործուեցաւ Հայաստան եւ Արցախ:

Ցարդ, Արցախի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս պսակաձեւ ժահրի պարագաներ չեն արձանագրուած, սակայն օժանդակութեան այս որոշումը նախազգուշական քայլ մըն է, Արցախի մէջ ժահրին տարածման առաջքը առնելու համար, նամանաւանդ նկատի ունենալով բժշկական իրեր ապահովելու համաշխարհային տագնապը:

Սփիւռքի միասնական ուժերով է, որ հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն, մեր հայրենիքէն ներս պիտի պայքարինք այս համաճարակին դէմ: