Յարմարելով ներկայիս տիրող նախազգուշական պայմաններուն, սակայն պահպանելով մեր եկեղեցական տօներու աւանդութիւններն ու ծիսակատարութիւնները, Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս Ծաղկազարդի տօնը
յիշատակուեցաւ դռնփակ եւ ուղիղ սփռումով:

Բերիոյ Բայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Զօպուեանի ձեռամբ Հալէպի երեք եկեղեցիներու մէջ հաւատացեալներուն բաշխուեցան Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը խորհրդանշող ձիթենիի ճիւղեր:

Սրբազան հայրը ներկայ գտնուեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Ծաղկազարդի Սուրբ եւ Անմահ դռնփակ Պատարագ: Ներկայ էին Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան եւ Հալէպի բոլոր քահանայ հայրերը: Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան: Պատարագը հանդիսապետեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, փոխանցելով Ծաղկազարդի տօնին խորհուրդը: Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ դռնբացէքի արարողութիւն, որմէ ետք Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր յատուկ արարողութեամբ օրհնեց ձիթենիի ճիւղերը եւ անձնապէս զանոնք բաժնեց եկեղեցւոյ դրան առջեւ համախմբուած խումբ մը հաւատացեալներուն:

Այնուհետեւ սրբազան հայրը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր սրբազան հօր ձեռամբ ներկայ գտնուող հաւատացեալներուն բաշխուեցան Ծաղկազարդի տօնը խորհրդանշող օրհնուած ձիթենիի ճիւղեր:

Ապա, սրբազան հայրը Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի ներկայանալով, փոքր խումբ մը հաւատացեալներուն անձամբ օրհնուած ձիթենիի ոստեր բաշխեց, Քրիստոսի խաղաղութիւնն ու օրհնութիւնը իրենց տուները տանելու համար: