Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին կոչ ուղղած է Քոնկրեսին կողմէ հաստատուած Հայաստանի օգնութեան թղթածրարէն 25 միլիոնը իբրեւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ աջակցութեան ընդլայնուած ծրագիրի մէկ մաս վերաբաշխելու պսակաձեւ ժահրի համաճարակին դէմ պայքարին համար:

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Ռաֆֆի Համբարեան արտաքին գործոց նախարարին ուղարկած իր նամակին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է վարչակազմին 1,1 միլիոն տոլարի նախնական յատկացումներուն համար:

Ռաֆֆի Համբարեան իր նամակին մէջ յիշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը վերջերս յայտարարած է պսակաձեւ ժահրի տարածումը կանխարգիլելու համար Հայաստանին օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար գոյութիւն ունեցող 30 միլիոն եւրոյէն աւելի ֆինանսաւորման վերածրագրաւորման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կողմէ բժշկական սարքերու եւ սարքաւորումներու ձեռքբերման, փոքր եւ միջին ձեռնարկներու աջակցութեան եւ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար լրացուցիչ միջոցներ յատկացնել, որպէսզի մարդասիրական օժանդակութիւնը հասնի անապահով ընտանիքներուն:

«Այսօր մենք Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կոչ կ’ուղղենք` Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ համապատասխան այլ գերատեսչութիւններու հետ գործակցութեամբ, անյապաղ վերաբաշխելու Հայաստանին յատկացուած նիւթական օժանդակութիւնը` երկրի առողջապահութեան նախարարութեան օգնութիւն ցուցաբերելու համար», նշուած է արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին ուղղուած նամակին մէջ:

«Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու 100-ամեակի տօնակատարութեան ժամանակ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դիտել տուած է երկու երկիրներու անխախտ բարեկամութիւնը` յոյս յայտնելով, որ «Հարիւր տարի առաջ սկսած մեր գործընկերութիւնը աւելի պիտի ամրապնդուի»: Այս ոգիով մենք մեզի կոչ կ’ուղղենք անյապաղ առնուազն 25 միլիոն տոլար վերաբաշխելու  Հայաստանին Քոնկրեսին կողմէ յատկացուած ֆինանսաւորումէն` պսակաձեւ ժահր համաճարակին դէմ պայքարին համար օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար: