«Թերթ».-Հնդկաստանի մէջ անյայտ անձեր փորձած են համացանցի միջոցով վաճառել աշխարհի ամենաբարձր քանդակը` Միասնութեան արձանը (240 մեթր), որ տեղադրուած է Գուջարաթ նահանգին մէջ:

The Indian Express-ը, նախաձեռնութեան նպատակը, իբրեւ թէ, պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարի համար միջոցներ հաւաքել  եղած է: Յուշարձանը վաճառքի  ներկայացուած է OLX (Online Exchange) հարթակի վրայ, ուր յայտարարութիւններ  տեղադրուած են ապրանքներու վաճառքի, գնման կամ փոխանակման մասին:

«Արտակարգ իրավիճակ է: Կը վաճառուի Միասնութեան արձանը հիւանդանոցներու եւ բժշկական սարքաորումներու համար միջոցներ հաւաքելու նպատակով», ըսուած էր յայտարարութեան մէջ

Յուշարձանը գնահատուած  է 300 մլրդ ռուփի (մօտ $4 մլրդ): Յայտարարութիւնը տեղադրուած է 4 Ապրիլին, սակայն մէկ օր անց նահանգի իշխանութիւնները նոր նկատած են  եւ դիմած են ոստիկանութեան:

Հնդկաստանի մէջ  վարակման 3588 պարագայ  գրանցուած է, որոնցմէ 99-ը` մահացած է: