«Երկիր».- Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնէն յայտնած են, որ մեկուսացումէն դուրս  եկած է աւելի  քան 400 քաղաքացի:

Աւելի ուշ Yerkir.am-ը տեղեկացուցած էր, որ պսակաձեւ ժահրէն ապաքինուածներուն թիւը աւելցած է 5-ով եւ հասած 62-ի. ընդհանուր առմամբ քննութիւն կատարուած է 4096 քաղաքացիի: