«Արցախփրէս».- Հայիթիի հիւսիսը գտնուող  Թագաւորական եկեղեցւոյ մէջ հրդեհ բռնկած է:

Ճարտարապետական այս գործը  1982 թուականին ԻՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած է:
Թագաւորական եկեղեցին կառուցուած է 19-րդ դարու սկիզբը: Ան կառուցուած է  Հայիթիի ինքնահռչակ թագաւոր Հենրի Ա.-ին կողմէ:

Հրդեհը բռնկած է 12 Ապրիլէն 13-ի գիշեր: Բռնկման պատճառը տակաւին յստակ չէ: