Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան ընտրեալ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին հետ:
Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է Արայիկ Յարութիւնեանը Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն երկրորդ փուլին յաջողութեան հասնելուն եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի բարձր պաշտօնին ընտրուելուն առիթով:
Նախագահ Սարգսեան հաստատած է, որ Արայիկ Յարութիւնեան նախագահի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Արցախի համար շատ բարդ ու պատասխանատու ժամանակահաշրջանին` աշխարհի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով եւ մասնաւորապէս տարածաշրջանին մէջ ընթացող բարդ աշխարհաքաղաքական գործընթացներով: «Արցախի Հանրապետութիւնը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ կայացած երկիր է` իր պետական մարմիններով եւ, ամենակարեւորը, իր քաղաքացիներով: Այսօր աւելի միասնական ու համախմբուած ըլլալու կարիք ունինք», ըսած է Հայաստանի նախագահը:
Արմէն Սարգսեան վստահութիւն յայտնած է, որ Արայիկ Յարութիւնեան կրնայ ամրապնդել համերաշխութեան եւ հանդուրժողականութեան մթնոլորտը Արցախի մէջ, կազմակերպել եւ ապահովել Արցախի անվտանգութիւնը, տնտեսական ու քաղաքական զարգացումը, համախմբել ժողովուրդը միասնական նպատակներուն շուրջ: