ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» Կոմիտէութեան անդամներ, կուսակցական ընկերներ, հարազատներ 14 Ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի մահուան 28-րդ տարելիցին առիթով Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր այցելեցին, անոր շիրիմին ծաղիկներ զետեղեցին եւ անոր յիշատակը յարգեցին:
Արթուր Մկրտչեանը Արցախի նորաստեղծ պետականութիւնը ղեկավարած է ընդամէնը 97 օր, սակայն իր քաղաքական ու մարդկային բացառիկ յատկանիշներուն շնորհիւ ան անջնջելի դրոշմ ձգած է Արցախի նորագոյն պատմութեան մէջ:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի համաձայն, Արթուր Մկրտչեանի կերպարը, անոր անցած ուղին  ու գործունէութիւնը կը նախանշեն մեր պետականութեան ապագայի ուղեգիծը:
«Խորհրդանշական է, որ այսօր՝ 14 Ապրիլին Արցախի մէջ կ’ընտրուի հանրապետութեան նախագահ: Արթուր Մկրտչեան քաղաքական գործիչին պատգամներն ու այսօրուան խորհուրդը ամբողջութեամբ այստեղ պէտք է տեսնել: Ապագան պէտք է կառուցուի Արթուր Մկրտչեանի նախանշած ուղիով, որմէ շեղելու պարագային, դատապարտուած կ’ըլլանք մեր ապագայ յաջողութիւնները մեզմէ հեռու տեսնելու ճակատագիրին», յայտնեց Դաւիթ Իշխանեան: