«Երկիր».-Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալած է Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը:
Վարչապետը անգամ մը եւս շնորհաւորած է պարոն Յարութիւնեանը նախագահական ընտրութիւններուն ձեռք բերած յաղթանակին համար եւ յաջողութիւն մաղթած է պատասխանատու պաշտօնին համար: Զրուցակիցները կարեւոր համարած են Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ բոլոր ոլորտներուն աշխոյժ գործակցութիւնը:
Արայիկ Յարութիւնեանը վարչապետին ներկայացուցած է նախագահի պաշտօնին յառաջիկային իրականացուելիք ծրագիրերն ու գործողութիւնները: