«Արմէնփրէս».- ԱՄՆ քոնկրեսականներ Ֆրենք Փալօն, Ադամ Շիֆ, Ճեքի Սփայեր եւ Կուս Պիլիրաքիս շնորհաւորական ուղերձ յղած են Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին:
ԱՄՆ քոնկրեսականներու ուղերձին մէջ յիշուած է.
«Յարգելի՛ նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան
Որպէս ԱՄՆ Քոնկրեսի եւ Քոնկրեսի Հայկական հարցերու յանձնախումբի անդամներ` մենք կը շնորհաւորենք 31 Մարտին Արցախի մէջ տեղի ունեցած պատմական ընտրութիւնները եւ անոր յաջորդած նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլը:
Մենք սրտանց ուրախութեամբ կը տեսնենք, որ Արցախի ժողովուրդը եւ իշխանութիւնները այս դժուարին ժամանակաշրջանին հաւատարիմ կը մնան խաղաղ ժողովրդավարութեան: Արցախը հաւատարիմ մնաց ժողովրդավարական կառավարման այնպիսի համակարգին, որ կ’ արտացոլէ իր քաղաքացիներուն կամքը` հակառակ թշնամական տրամադրութիւններ ունեցող հարեւանի շարունակական սպառնալիքներուն ու զինադադարի խախտումներուն:
Մենք կը հասկնանք նաեւ, որ COVID-19-ի ճգնաժամի հետեւանքով առաջացած էին որոշակի բարդութիւններ, սակայն ստեղծուած յարաբերական յարմարութիւնները, որոնք թոյլ տուին ընտրողներուն քուէարկել առանց խոչընդոտներու, ակնյայտօրէն կը ներկայացնեն հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարական գործընթացներու զօրութիւնը:
Որպէս Քոնկրէսի հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահներ` մենք հաւատարիմ կը մնանք Արցախի ժողովրդավարական անկախութիւնը առաջ մղելու եւ ամրապնդելու գործընթացին:
Մենք կը շարունակենք աջակցիլ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի լիիրաւ իւրացման, որը կը նպաստէ նաեւ տարածաշրջանի կայունութեան ու զարգացման: ԿԸ վստահեցնենք, որ կը շարունակենք ուղիներ որոնել ամրապնդելու Միացեալ Նահանգներիուն եւ Արցախի միջեւ կապերը, որ կը ներառէ նաեւ անոր անկախութեան պաշտօնական ճանաչումը:
Անգամ մը եւս ընդունեցէք մեր շնորհաւորանքները ընտրութիւններու առիթով, որոնք եղած են հանգիստ, խաղաղ, հեռւ փտածութենէն կամ ընտրողներու ահաբեկումէն: Մենք կ’ակնկալենք շարունակել մեր հետագայ արդիւնաւէտ եւ կայուն գործակցութիւնը Ձեր իշխանութեան հետ:
Յարգանքներով`
ԱՄՆ Քոնկրեսի անդամ Ֆրանք Փալօն
ԱՄՆ Քոնկրեսի անդամ Կուս Պիլիրաքիս
ԱՄՆ Քոնկրեսի անդամ Ճեքի Սփիր
ԱՄՆ Քոնկրեսի անդամ Ադամ Շիֆ»