Կիրակի, 19 Ապրիլ 2020-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած է մէկ քաղաքացի եւս, մահացած է մէկայլ քաղաքացի մը։

Այսպիսով Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն թիւը կը հասնի 39-ի, որոնցմէ 3-ը մահացած, իսկ 5-ը բուժուած են։