Քանատայի հայ համայնքը,  նախաձեռնութեամբ Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակը ոգեկոչեց առցանց տարբերակով, զոր սփռուեցաւ ընկերային ցանցերու հարթակներուն վրայ

«Հորիզոն» – Հայ ժողովուրդը՝ Ի Հայաստան եւ Սփիւռս աշխարհի, Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2020-ին ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ ամեակը եւ ճանաչումի ու պահանջատիրութեան կոչով խոնարհեցաւ Մեծ Եղեռնի սրբադասուած նահատակներու յիշատակին առջեւ, ի հեճուկս համաճարակին պարտադրած առցանց ձեւաչափի կիրարման:

Ոգեկոչման Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան քանատացի պետական ու քաղաքական դէմքեր, համայնքի ղեկավարներ ու հոգեւոր առաջնորդներ, ցուցադրուեցաւ վաւերագրական տեսերիզ՝ ցեղասպանութեան տարիներուն Քանատայի մարդասիրական գործունէութեան մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցաւ հայ երիտասարդութեան խօսքը։

Հանդիսավարն էր՝ ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութեան անդամ Արիանէ Թասլաքեան:

Ուղերձով հանդէս եկաւ Քանատայի Վարչապետ Ճասթին Թրուտօ, որ խստիւ դատապարտեց Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ անգամ եւս վերահաստատեց Քանատայի պետութեան հաստատ կեցուածքը այս ուղղութեամբ: Ան շեշտեց մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրը յիշելու եւ յիշեցնելու կարեւորութիւնը, յարգելով Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը: Ան նաեւ շեշտեց, որ աւելի քան հարիւր տարի առաջ գործուած այս ոճիրը պէտք է յիշեցնէ համայն մարդկութեան, որ անտարբեր ու լուռ չմնայ ատելութեան, խտրութեան եւ վայրագութեան արարքներու դիմաց: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ Քանատան երբեք պիտի չմոռնայ եւ միշտ պիտի յիշէ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակը:

Այնուհետեւ, Քանատայի պաշտօնական ընդդիմութեան եւ Պահպանողական Կուսակցութեան ղեկավար Անտրու Շիր իր ուղերձին մէջ վերահաստատեց իր կուսակցութեան վճռակամ դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով: Ան յիշեց, որ 1,5 միլիոն նահատակներուն աւանդը վերյիշելով, պէտք է դասեր քաղենք պատմութեան տխուր էջերէն եւ ճանչնանք զայն որպէս մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր եւ ցեղասպանութիւն: Շիր աւելցուց, որ Քանատայի Պահպանողական Կուսակցութինը միշտ պիտի կանգնի Հայ ժողովուրդին եւ արդարութեան կողքին եւ պիտի ընէ իր կարելին, որ նման յանցագործութիւններ ճանաչում ստանան եւ երբեք չկրկնուին:

Քանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան իր ուղերձին մէջ նշեց, որ Ցեղասպանութիւնը ոճիր մըն էր, որ ուղղուած էր ոչ միայն հայութեան, այլեւ ողջ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ: Ան ըսաւ, որ որպէս Պետութիւն, որպէս 20-րդ դարասկիզբի առաջին ցեղասպանութիւնը վերապրած ժողովուրդ, մեր պարտքը պէտք է ըլլայ հետեւողականօրէն պայքարիլ մարդկութեան դէմ իրագործուած ամենադաժան յանցագործութեան՝ ցեղասպանութեան բոլոր դրսեւորումներուն դէմ, ազգատեացութենէն մինչեւ բնաջնջում, անտարբեր լռութենէն, ատելութեան սերմանումէն մինչեւ ժխտում: Ապա, դեսպան Յարութիւնեան շեշտեց. «Յիշատակի այս պահուն` կը վերահաստատենք Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի խորին երախտագիտութիւնը Քանատայի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին` մեր պատմութեան ամենադաժան ժամանակահատուածին ցուցաբերած համերաշխութեան եւ Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու ու դատապարտելու համար»:

Յանուն ՀՅԴ Բիւրոյին, ուղերձով հանդէս եկաւ Բիւրոյի ներկայացուցիչը՝ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Ան ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը նոյն վճռականութեամբ ու յանձնառութեամբ, այս տարի եւս կ’ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցը, հաստատուն մնալով ցեղասպանութեան համատարած ճանաչման, դատապարտման եւ հատուցման սկզբունքներուն: Ան նշեց, որ «ճանաչումը առաջին հանգրուաններէն մէկն է, արդարութեան վերականգման միջոցներէն մին, մինչ նպատակը՝ մեր իրաւունքներու ձեռքբերումը անհատական ու հաւաքական մակարդակներով, մանաւանդ՝ հողային պահանջատիրութեան ծիրէն ներս»: Ան գնահատեց Հայ Դատի նուիրեալ ծառայողներն ու երախտագիտութիւն յայտնեց Քանատայի պետութեան եւ ժողովուրդին:

Յանուն Քանատայի ՀՅԴ մեծ ընտանիքին, ուղերձով հանդէս եկաւ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Մհեր Գարագաշեան: Ան դիտել տուաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, որովհետեւ ոճիրը կը մնայ անպատիժ ու անհատոյց, որովհետեւ Օսմանեան Կայսրութեան իրաւայաջորդ թրքական պետութիւնը իր հիմերը նետած կը մնայ հայութենէն խլած հողերուն վրայ, որովհետեւ մեր դարաւոր բնօրանէն տարագրուած հայութեան յաջորդական սերունդներ դատապարտուած կը մնան մաշեցնող դանդաղ մահուան՝ կորսնցնելով ազգային ինքնութիւնն ու համրանք, եւ վերջապէս Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, որովհետեւ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը գրեթէ երեք տասնամեակներ, ձեռք ձեռքի տուած, Հայաստանը կը պահեն երկկողմանի պաշարման մէջ, իսկ Արցախեան հարցին կու տան թրքավարի լուծում, որ կը միտի հայութեան ի սպառ ոչնչացման: Ան մատնանշեց, որ այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին կ’ուղեկցի Սեւրի Ուիլսընեան դաշնագրի 100-ամեակը, որ հիմնաքարը պէտք է ըլլայ մեր նպատակաուղղուած պահանջատիրութեան ու դատին: Ան իր ելոյթը եզրափակեց, յայտնելով, որ ամէնուրեք ու ամէն վայրկեան, ՀՅ Դաշնակցութիւնը ծառայութեան առաջին գիծին վրայ պիտի մնայ, յանուն հայ ժողովուրդի երազներուն իրականացման ու յաւերժական երթին:

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին անունով ելոյթ ունեցան յանձնախումբ ատենապետը՝ ընկ. Հրակ Տարաքճեանն ու փոխատենապետը՝ ընկ. Շահէն Միրաքեանը:

Հուսկ, ներկայացուեցաւ նաեւ հայ երիտասարդութեան խօսքը։ Ելոյթ ունեցան Արմէն Գարօ Ուսանողական Միութեան, ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական ու Պատանեկան Միութիւններու ներկայացուցիչները:

Եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ Քանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան: Ան ըսաւ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան 105-ամեակին, անգամ մը եւս կը խոնարհինք մեր սրբադասեալ նահատակներուն յիշատակին առջեւ, մեր աղօթքներով կը դիմենք անոնց բարեխօսութեան եւ կ’ուխտենք աննահանջ շարունակել անոնց կտակին իրականացման պայքարի ուխտը։ Ան շեշտեց, որ նահատակներուն ժառանգորդներուս պարտքն է անոնց յիշատակը, հաւատքի խայծը անմար պահել մեր նոր սերունդներու սրտին ու կեանքին մէջ։ Սրբադասուած նահատակներուն կտակին տէր կը կանգնինք, երբ մեր մէջ ապրեցնենք եւ միասնական ճիգերով անոնց անաւարտ երազները իրականացնենք ու կենսագործենք։ Այդ պատգամը տարուէ տարի կը վերանորոգուի ու մեր հոգիներուն մէջ այսօ՛ր ալ կը հնչէ նոյն ուժգնութեամբ, 24 Ապրիլին եւ տարուան իւրաքանչիւր օրը, եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Նշենք, որ հանդիսութիւնը յագեցած էր գեղարուեստական յայտագրով, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Էլի Պէրպէրեանն ու Վաղօ Ադամեանը: