Երկիր Մետիա հեռուստաընկերութեան «Երկիրն այսօր»-ի հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Կիրօ Մանոյեան խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն, Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով ընդունուած համահայկական հռչակագիրի կեանքի կոչման, այդ ուղղութեամբ ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերուն կատարած աշխատանքններուն մասին: