Զ . դասարան էի, երբ Քեսապէն տեղահանուեցանք: Փոքր էի. մանուկի խելքով եւ սահմանափակ մտածումով շատ բան չէի հասկնար: Բայց երբ երեք ամիս գիւղէն հեռու մնացի՝ այն ատեն հասկցայ մեր հողերուն եւ տան արժէքը: Կրնամ ըսել այդ տարիքէն սկսայ կամաց-կամաց մտքով աճիլ:
Թ. դասարանը կարեւոր հանգրուան եղաւ: Կային պետական քննութիւններ եւ վկայական: Դժուար տարի մըն էր եւ տարբեր փորձառութիւն մը: Դասերը, ընկերները, դասարանային անիմաստ ըսի-ըսաւները այդ տարիքի յատուկ հոգեբանութեան հետ միախառնուած էին, այդպէս անցաւ այդ տարին: Փառք Աստուծոյ, լուրջ աշխատանքիս շնորհիւ լաւ նիշերով յաջողեցայ: Արդէն կը զգայի որ դեռահաս եմ: Մինչեւ հիմա ամէնէն մեծ եւ ծանր փորձառութիւնս հօրս ինքնաշարժը քշելուս ատեն պատահած արկածն էր: Ժ. Դասարան էի: Արկածին ազդեցութիւնը դարձակէտ մը եղաւ ինծի համար: Այն ատեն մտածեցի՝ մէկ ակնթարթի մէջ կրնար ըլլալ որ կեանքս կորսնցնէի… ի՞նչ պիտի ըլլար ընտանիքիս վիճակը….: Այսպէս մէկ օրուան մէջ մեծցայ մտքով:
Անցեալ ամառ, առիթը ունեցայ մեկնելու Հայաստան՝ մասնակցելու համահայկական խաղերուն: Շահեցայ նոր փորձառութիւն եւ հայրենիքէս վերադարձայ նորանոր մտածումներով: Հասայ պաքալորիա դասարան: Դպրոցական կեանքին մէջ ամէնէն աւելի լրջութիւն պահանջող դասարանն է՝ կ’ըսեն. ապագայի խնդիրը կայ: Ամէն ինչ մէկդի դրած, ուշադրութիւնս կեդրոնացուցի դասերուս վրայ: Առաջին կիսամեակը փայլուն նիշերով աւարտեցի: Մտանք 2020 թուական: Այս նոր տարին իր հետ բերաւ աղէտ: Դեռ նոր սկսած էինք երկրորդ կիսամեակը, երբ օր մը դասապահի մէջ էինք՝ դպրոցին մօտակայքը հրթիռներ ինկան: Պաղարիւնութիւնս պահեցի, բայց նաեւ մտածեցի շատ կարեւոր բաներու մասին՝ կեանք, պատերազմ, ապահովութիւն, ապագայ…: Սակայն ամէնէն լուրջը պսակաձեւ ժահրին պատճառով աշխարհին մէջ տարածուած համաճարակը եղաւ: Համաճարակ մը, որ կը շարունակուի տարածուիլ եւ դեռ գիտնականները անոր դէմ պատուաստ մը չունին:
Համաճարակին տարածումը կանխարգիլելու միջոցներէն մէկը եղաւ Կրթութեան Նախարարութեան հրահանգով դպրոցներու փակումը, այնպիսի ատեն մը, երբ մենք աւարտին չէինք հասցուցած պաքալորիայի ծրագիրը: Չէր բաւեր ծանրաբեռնուած, լարուած տարին, անոր վրայ աւելցաւ նոր հոգ մը՝ ինչպէս ինծի այնպէս ալ բոլոր աշակերտներուն համար… ինչպէ՞ս պիտի ամբողջացնենք ծրագիրը:
Անձնական ուսուցիչներու օգնութեամբ երբ պաքալորիայի ծրագիրը ամբողջացուցած էի, Կրթական Նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ պետական քննութեան համար պահանջուած են միայն այն դասերը, զորս աւանդուած է մեզի մինչեւ դպրոցներուն փակուիլը: Մասամբ լաւ որոշում մըն է ասիկա բոլոր այն աշակերտներուն համար, որոնք ինծի պէս անձնական ուսուցիչներ ունենալու կարելիութիւնը չէին ունեցած:
Այս տարի տարբեր տրամադրութեամբ եւ մեծ շուքով յիշատակուելու էր Եղեռնի 105-ամեակը, քանի որ այս տարի Սուրիոյ խորհրդարանը ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Հակառակ դպրոցներուն փակ ըլլալուն, ընկեր-ընկերուհիներով առցանց յիշատակեցինք 24 Ապրիլը: Մոմ վառեցինք, ասմունքեցինք, նուագեցինք, երգեցինք: Ես մոմս վառեցի քեսապցի շուրջ 4000 նահատակներու յիշատակին՝ էսքիւրան գիւղի աղբիւրին մօտ, որովհետեւ այս այն գիւղն է, ուր առաջին անգամ քեսապցիները հաստատուած են: Սղբիւրը միշտ կը հոսի: Ես այդ գիւղէն եմ: Հակառակ 105 տարի անցած ըլլալուն, իբրեւ նոր սերունդ ես կը յիշեմ մեր նահատակները ու կը պահանջեմ մեր իրաւունքները: Հիմա ամէն ջանքս կ’ընեմ, որ լաւ նիշերով յաջողիմ: Յաջողութիւնս նախ ինծի համար է, բայց նաեւ հաւատացած եմ, որ իմ յաջողութեամբ բարձր կը պահեմ ընտանիքիս, դպրոցիս եւ Քեսապի անունը: Վստահ եմ, որ նոյնը կը մտածեն դասընկերուհիներս ու դասընկերներս: Մաղթանքս է, որ անոնք առողջ մնան եւ լաւ ձեւով պատրաստուին պետական քննութեան:
Երկար տեւած պատերազմը եւ համաճարակը խանգարեցին մեր անձնական եւ դպրոցական կեանքի բնականոն ընթացքը, բայց մենք երիտասարդութեան սեմին ենք, իսկ մեր ժամանակը նոր կը սկսի, մեր ապագան դեռ մեր առջեւն է, եւ մենք շատ բան ունինք տալիք գալիք սերունդներուն եւ մեր ազգին:
Սերոբ Դանիէլեան

(ԺԲ. կարգ) 
Քեսապի Ազգ.Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան