Յաճախ կ’ըսուի, որ շատ կարեւոր է ջուր խմելը, պէտք է օրական բաւարար չափով ջուր խմենք, բայց ինչո՞ւ։
Մեր մարմինին մօտաւորապէս 50-60%-ը կազմուած է ջուրէն։ Տղամարդոց մօտ այս համեմատութիւնը աւելի բարձր է քան՝ կիներուն, որովհետեւ տղամարդիկ կ’ունենան աւելի շատ մկաններ, իսկ կիները՝ ճարպեր։
 Ջուրը կը նպաստէ նաեւ մեր մարմինի շատ մը կարեւոր գործողութիւններուն, ինչպէս օրինակ.
1.- Մարմինը կը մաքրէ աւելորդ նիւթերէ։
2.- Կը կարգաւորէ մարմինին ջերմաստիճանը։
3.- Կը բարելաւէ ուղեղին գործառութիւնը (function)
 Ջուրը ունի հետեւեալ օգտակարութիւնները եւս.
ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ԼՈՐՁՈՒՆՔԻ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
Լորձունքին հիմնական բաղադրիչը ջուրն է։ Մեր մարմինը կ’արտադրէ բաւարար չափով լորձունք, երբ մենք կը ստանանք ջուրի մեր առօրեայ կարիքը, բայց երբեմն լորձունքի արտադրանքը կրնայ նուազիլ տարիքի, կամ որոշ դեղերու պատճառով։ Երբ զգաք, որ ձեր բերանը սովորականէն աւելի չոր է, հակառակ անոր, որ կը խմէք բաւարար չափով ջուր, անհրաժեշտ է որ այցելէք ձեր բժիշկին։
ԿԸ ԿԱՐԳԱՒՈՐԷ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ՋԵՐՄԱՍՏԻՃԱՆԸ
Մեր մարմինը ջուր կը կորսնցնէ քրտինքի միջոցով, երբ կ’ենթարկուիք տաք օդի կամ մարզանք կ’ընէք։ Ուստի անհրաժեշտ է համալրել ձեր կորսնցուցած ջուրը, որպէսզի ձեր մարմինի ջերմաստիճանը չբարձրանայ եւ մարմինը չենթարկուի ջրազրկումի։
Ջուրը կը պաշտպանէ մեր յօդերը, ողնաշարն ու մարմինին հիւսուածքները, անոնց շուրջ հաւաքուելով։ Ահա թէ ինչո՛ւ բաւարար ջուր խմելով մեր շարժումը կ’ըլլայ աւելի հանգիստ եւ հեռու կը մնանք կարգ մը հիւանդութիւններէ, օրինակ՝ յօդերու բորբոքումէ։
ԿԸ ԲԱՐԵԼԱՒԷ ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Շատ անհրաժեշտ է մարզանքի ընթացքին բաւարար ջուր խմելը, որովհետեւ ջրազրկումը կը նուազեցնէ մեր ուժը եւ դիմացկունութիւնը։ Տաք օդին եւ տաք վայրերու մէջ առանց ջուր խմելու մարզանքը կրնայ արեան գերճնշումը բարձրացնել։
Ջուր խմելը մեր մարմինը զերծ կը պահէ պնդութենէ եւ կ’օգնէ մարսողութեան։
Ջուրը կը բարելաւէ սնուցիչներու ներծծումը, որովհետեւ կը լուծաէ կենսանիւթերը, մետաղները եւ այլ սնուցիչներ, որոնք կը գտնուին մեր ուտելիքներուն մէջ, կը կրէ ու կը հասցնէ զանոնք մարմինի բոլոր օրկաններուն։
Ջուրը կ’օգնէ մեր ծանրութիւնը նուազեցնելու։ Ըստ կարգ մը ուսումնասիրութիւններու, մարզանքի եւ սննդականոնի հետեւելու ընթացքին մեծ քանակով ջուր խմելը կ’օգնէ ծանրութիւն կորսնցնելու։
Ջուրը կը բարելաւէ թթուածինի շրջանառութիւնը եւ մարմինը հեռու կը պահէ կարգ մը հիւանդութիւններէ, ինչպէս օրինակ՝ պնդութենէ, երիկամի քարերու յառաջացումէ, մարզանքի հետեւանքով շնչառութեան բարդացումէ, արեան գերճնշումէ,  մէզի բորբոքումէ եւ այլն։ Կ’աւելցնէ մեր մարմինին նիւթափոխարկութիւնը (metabolism)։
 Ըստ ուսումնասիրութիւններու, 500 մլ. լիթր ջուրը 30%-ով կ’աւելցնէ մարմինին նիւթափոխարկութիւնը։
Ջուրը կը բարելաւէ մեր իմացականութիւնը, կեդրոնացումը, աշխուժութիւնը եւ յիշողութիւնը, նաեւ կը բարելաւէ մեր տրամադրութիւնը, որովհետեւ բաւարար չափով ջուր չխմելը կրնայ յառաջացնել յոգնածութիւն եւ ջղայնութիւն։
Ջուրը կ’օգնէ, որ մեր մաշկը փայլուն մնայ։ Բաւարար ջուր խմելը մեր մորթը զերծ կը պահէ չորութենէ եւ կը բարելաւէ սոսինցածինի (collagen) արտադրումը։
Մարմինը զերծ կը պահէ ջրազրկումէն։ Զօրաւոր ջրազրկումը կրնայ երիկամային անբաւարարութիւն եւ ցնցումներ պատճառել։
ՕՐԱԿԱՆ ՈՐՔԱ՞Ն ՋՈՒՐ ՊԷՏՔ Է ԸՄՊԵՆՔ
Ըստ ուսումնասիրութիւններու, տղամարդիկ օրական կարիք ունին 3,6 լիթր ջուրի, իսկ կանայք՝ 2,6 լիթրի։
Մարդոց մօտաւորապէս 20 առ հարիւրը իր ջուրի նուազագոյն կարիքը կը բաւարարէ օրուան սնունդէն, իսկ մնացածը պէտք է ստանալ ջուր խմելով։ Անշուշտ առօրեայ կարիքը կ’աւելնայ, եթէ  շատ մարզանք ընենք, կամ ապրինք տաք վայրերու մէջ։
 Ջուրը շատ կարեւոր է մեր մարմնի բոլոր օրկաններուն եւ մեր առողջութեան համար։ Այն անձերը, որոնք չեն սիրեր ջուր խմել կամ յաճախ կը մոռնան խմել կրնան հետեւեալ քայլերուն դիմել.
1.- Թեթեւ համ կրնան տալ ջուրին, անոր աւելցնելով կիտրոն, ելակ կամ անանուխ։
2.- Մշտապէս կրնան իրենց հետ ունենալ ջուրի շիշեր, մանաւանդ մարզանքի ընթացքին։
3.- Կարելի է նաեւ ձեռնահեռաձայններուն մէջ ներբեռնել այնպիսի ծրագիրներ, որոնք կը յուշեն ջուր խմելու անհրաժեշտութիւնը։
Շաղիկ Գաբրիէլեան
Սննդագէտ