Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան Tert.am-ին հետ զրոյցին ընթացքին անդրադառնալով «ազատութիւն» ձայնասփիւռային կայանի  տարածած այն հրապարակումին, որով լրատուամիջոցը կը մէջբերէր «Nouvelles d’Armռnie» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեանի յօդուածը եւ «Նոր Յառաջ»ի առցանց համարով հրատարակուած «Հայկական Վերածնունդ» սփիւռքեան կազմակերպութեան բաց նամակը եւ անոր վերնագիրը, թէ սփիւռքահայ գործիչները կը յորդորեն Նիկոլ Փաշինեանը շարունակել բարեփոխումները յայտնած է, որ ճիշդ չէ մտածել, թէ Սփիւռքի բոլոր պատասխանատուները համաձայն են ՀՀ կառավարութեան գործունէութեան:

«Սփիւռքը բազմազան է, եւ այդ տարբերութիւնները կը կազմեն մեր հարստութիւնը: Պէտք է յարգել տեսակէտներու տարբերութիւնը: Ժողովրդավարութեան հիմքն են բանավէճն ու կարծիքներու բազմազանութիւնը», ըսած է Փափազեան, կրկին շեշտելով, որ ըստ այդմ` ճիշդ չէ, որ Սփիւռքի բոլոր գործիչները համաձայն են Փաշինեանի քաղաքականութեան:

Փափազեան աւելցնելով յայտնած է, որ Ֆրանսայի մէջ իրենք ոչ այնքան դիւրաւ, սակայն յաջողած են միասնականութիւն ստեղծել: «Ամէն ինչ պէտք է ընել եւ արդէն կ՛ընենք, որ համայնքը չտկարանայ», ըսած է ան:

Մուրատ Փափազեանի խօսքով, իրենք պատրաստ են նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերելու Հայաստանի մէջ շիկացած մթնոլորտի մեղմացումին: «Վարչապետին եւ իշխանութեան հետ ժողովուրդը մեծ յոյսեր կապեց, ուստի անոնք այժմ ունին մեծ պատասխանատուութիւն իրականացնելու այդ ակնկալութիւնները եւ երկիրը առաջնորդելու դէպի ուժեղ ապագայ», ըսած է ան:

Ապա դիտել տուած է, որ Հայաստան շրջապատուած է թշնամիներով, ուստի այնտեղ պարտաւոր են ներքին միասնականութիւն հաստատել:

«Սա վարչապետին ներքին պատասխանատուութիւնն է», յայտնած է ան, ապա աւելցուցած. «Գիտենք, որ վարչապետը յաճախ  կը յիշատակէ Նելսըն Մանտելան: Յիշեցնենք, որ Մանտելան պատասխանատուութիւն ունեցաւ համախմբելու բոլոր ուժերը` համախոհ, թէ ընդդիմադիր: Ան երբեք «վհուկներու որսով» չզբաղեցաւ: Նոյնիսկ զինք 28 տարի բանտարկողները համախմբեց, որովհետեւ լաւ գիտէր, որ միայն ներքին միասնականութիւնը կրնայ հասունցնել, զօրացնել իր երկիրը եւ ապահովել իր ժողովուրդին արժանավայել ապագան»:

Ֆրանսահայ գործիչը ըսաւ, թէ իրենք կը տեսնեն, որ Հայաստանի մէջ իրավիճակը հանգիստ չէ, ժողովուրդը բաժնուած է: Այս պարունակին մէջ մատնանշեց օրերս խորհրդարանէն ներս Էտմոն Մարուքեանի եւ Սասուն Միքայէլեանի առնչուող միջադէպը: «Սա օրինակ է, որ այս լարուած մթնոլորտը Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ճիշդ տեղ չի տանիր», ըսաւ Փափազեան:

Ապա շեշտեց, որ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի միաձայնութիւնը, միասնականութիւնը կ՛ապահովուին, եթէ յարգուի բազմակարծութիւնը:

«Եթէ վարչապետը, կառավարութիւնը կ՛ուզեն բոլորը համախմբել իրենց շուրջ, պէտք է ազգային միասնականութիւն ստեղծեն, որովհետեւ այսօր անոր լուրջ ռազմավարական անհրաժեշտութիւնը կայ: Այո՛, Սփիւռքի մէջ կան կառավարութեան քաղաքականութեան աջակիցեր, բայց կան նաեւ զայն քննադատողներ: Պէտք է նկատի առնել, որ Սփիւռքը անկախ մարմին է, կապուած չէ Հայաստանի հետ, կարելի չէ այդպէս համարել: Տեսանք, թէ ի՛նչ եղաւ Խորհրդային Միութեան տարիներուն, տեսանք, թէ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ինչ կը փորձէր ընել: Մենք դիմադրեցինք: Սփիւռքը անկախ էութիւն է, պէտք է անկախ ըլլայ, եւ պէտք է չէ տկարացնել Սփիւռքը: Եթէ փորձ ըլլայ բաժնելու Սփիւռքը, ան անխուսափելիօրէն կը տկարանայ, իսկ Սփիւռքը Հայաստանի համար անփոխարինելի աղբիւր է: Թէ՛ հայապահպանութեան, թէ՛ Հայ Դատի պաշտպանութեան աշխատանքներուն համար Սփիւռքը անպաշտօն դիւանագիտութիւն կը վարէ: Սփիւռքը յառաջ կը մղէ միջազգային ատեաններու մէջ Արցախի ճանաչումին գործընթացը: Այնպէս որ մի՛ տկարացնէք Սփիւռքը եւ մի՛ փորձէք Սփիւռքը ծառայեցնել այլ նպատակներու», ըսաւ ան:

Հռիփսիմէ Յովհաննիսեան