Սուրիական բանակի ստորաբաժանումները լուրջ վնասներ հասցուցած են ահաբեկչական այն խմբաւորումներուն, որոնք յարձակած են Համայի հիւսիսարեւմտեան շրջանի ալ Ղապ դաշտավայրի հիւսիսը գտնուող Թանճարա գիւղի սուրիական զօրամասերէն մէկուն վրայ:
Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին յայտնած է, որ այսպէս կոչուած «Կրօնքի Պահապաններ» եւ «Թուրքմենական Կուսակցութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումները սկսած էին ներթափանցել վերոյիշեալ շրջան եւ գնդացիրներով կրակի տակ առած տեղւոյն սուրիական պահակակէտը, որուն հետեւանքով ալ նշեալ կէտի պահակները լքած էին զայն՝ մարդկային կորուստներէ խուսափելու համար»:
Սուրիական բանակի ստորաբաժանումները երէկ կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս հակադարձած ու կրկին իրենց վերահսկողութեան տակ առած են նշեալ կէտը:
Աւելցնենք, որ Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող ահաբեկչական նման խմբաւորումներ բազմիցս խախտած են Մարտ ամսուն հաստատուած զինադադարի պայմաններն ու յարձակումներ գործած Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Իտլիպի ապահով տարածքներուն վրայ: