21 Ապրիլին Լաւրով յայտարարեց, թէ Մոսկուայի մէջ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմերուն փուլային տարբերակ ներկայացուած են: ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան արձագանգեց, որ նման մօտեցումներ ի յայտ  եկած 2014-ին, 2016-ին, եւ այդ մօտեցումները ընդունելի չեն հայկական կողմերուն համար: Արցախի հարցի մասին Լաւրովի վերջին յայտարարութիւններուն, ներքաղաքական իրավիճակին, արտաքին յարաբերութիւններուն եւ պսակաձեւ ժահրով պայմանաւորուած աշխարհաքաղաքական նոր վերադասաւորումներու մասին իրենց  տեսակէտները  ներկայացուցած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան եւ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արման Նաւասարդեան: