«Արմէնփրէս».- ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանը, եղբայրական յոյն ժողովուրդին հետ ի համերաշխութիւն, կը յարգէ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէն սպանուած յոյն նահատակներուն եւ անմեղ զոհերուն յիշատակը:

19 Մայիսը Պոնտոսի յոյներուն ցեղասպանութեան յիշատակի օրն է  (1916-1923):

«Greek City Times»-ի հաղորդումով` հիմնականօրէն քահանաներուն կողմէն կատարուած գրառումները ցոյց կու տան, որ առնուազն 350 հազար պոնտացի յոյն թրքական զօրքերու եւ քրտական զինեալ ուժերու կողմէն ոչնչացուած է: Այլ աղբիւրներ, ներառեալ օտարերկրեայ միսիոներները, կը նշեն 500 հազար մարդու մահուան մասին:

Աննա Գրիգորեան