Մայիսեան յաղթանակներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 102-ամեակը անգամ մը եւս կը վկայէ, որ ժողովուրդի մը, ազգի մը յառաջդիմութիւնը ծնունդ է անոր պայքարին: Առանց պայքարի ազգերը կրնան լճանալ, դառնալ անդիմագիծ ու տարիներու ընթացքին ձուլուիլ համաշխարհային մեծ ընտանիքին մէջ:

Ազգի մը գոյատեւման համար կենսական նշանակութիւն ունի հայրենիքը, հայրենիքին համար՝ անկախ պետականութիւնը, իսկ պետական անկախութիւնը իր արժէքը կը գտնէ ընկերային արդար կարգերու հաստատումով, ազգային, մշակութային ժառանգութեան պահպանումով ու հարստացումով: Այս բոլորին հանրագումարն է որ կանգուն կը պահէ հայրենիքը եւ ազգը, ամրագրելով վերջինիս քաղաքական հասունութիւնը նաեւ:

Քաղաքական որոշ շրջանակներ ազգային արժէքները մնայուն չեն համարեր, անոնց համար էականը, յատկապէս դրամատիրական սուր պայքարի մեր օրերուն, քաղաքական ու տնտեսական շահերու պահպանման համար մղուած պայքարն է պարզապէս, ազգային արժէքները երկրորդական կը համարեն անոնք: Իրականութեան մէջ, սակայն, ազգի մը հոգեմտաւոր զարգացումը, ազգային մշակոյթն ու արժէքները նոյնքան կարեւոր են անոր հաւասարակշռուած յառաջընթացքը ապահովելու համար:

Այո՛, ներքին թէ արտաքին ազդակները կը թելադրեն ըլլալ ժամանակակից, քայլ պահել աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն հետ: Աւելին՝ մերօրեայ քաղաքական ճնշումները, դժուար կացութիւնները եւ փոփոխութեան պահանջի  ազդեցութիւնը ակներեւ կը դառնան: Այնուամենայնիւ ճշմարիտ յառաջդիմութիւնը ազգային արժէքներու, քաղաքական թէ տնտեսական շահերու, անվտանգութեան պայմաններու ապահովման հաւասարակշռութեան պահպանումով, ներքին թէ արտաքին ազդակներու խելամիտ արժեւորումով, բայց մանաւանդ մեր  ժողովուրդի քաղաքական կազմակերպումով իրականանալի կը դառնայ միայն:

Հայութեան քաղաքական, տնտեսական եւ կազմակերպական որակի բարձրացումը եւս ազդու դերակատարութիւն կրնայ ունենալ արտաքին թէ ներքին ճակատներու վրայ այս առումով: Մեր ժողովուրդի պառակտումը, ազգային արժէքներու թերագնահատումը, հայութեան ամբողջական կարելիութիւններու օգտագործման անկարողութիւնը պիտի չնպաստեն երբեք մեր անկախութեան պահպանման ու ամրագրման:

Արեամբ ձեռքբերուածը չզիջելու, մեր ազգին տնտեսական, քաղաքական, մշակութային առաւելութիւնները հայրենիքի հզօրացման ծառայեցնելու իմաստութիւնն է, որ լուսարձակի տակ կը բերէ 28 Մայիսի խորհուրդը:

1918-ին մեր ժողովուրդը աւելի դժնդակ պայմաններու մէջ էր, լքուած, ցեղասպանութիւն ապրած, հակառակ այս բոլորին, ան հաւաքական պայքարով ետ մղեց թշնամին, կերտեց անկախ հանրապետութիւն, որ յիրաւի համահայկական ճշմարիտ վերածնունդի մը տարողութիւնն ու արժէքը ունեցաւ, որովհետեւ 600 տարիներու խաւարէն դէպի լոյս առաջնորդեց մեր ժողովուրդը:

Հաւաքական մեր դրամագլուխը նոր ճամբայ բացաւ մեր ազգին դիմաց: Նոյնիսկ խորհրդային կարգերուն ներքեւ, մեր ազգային, հոգեմտաւոր արժէքները թաքուն կերպով պահպանուեցան ու պատեհ առիթին ծնունդ տուին մեր ազգային զարթօնքին, Հայաստանի վերանկախացումին, Արցախի ազատագրումին:

Ներկայ պայմաններուն մէջ սեփական մեր ուժերը միաձուլելու, հաւաքական ուժի վերածելու հեռանկարով կարելի է ապահովել մեր ազգի հոգեմտաւոր յառաջդիմութիւնը, մեր ժողովուրդի անվտանգութեան պահպանումը եւ հայրենիքի զարգացման բնականոն ընթացքը, մինչեւ մեր ազգային տեսլականին իրականացումը:

Սա կը պահանջէ պայքարելու կամք ու ոգի, չզիջելու արեամբ ձեռքբերուած յաղթանակները, չնսեմացնելու ազգային մեր արժէքները, կարենալ կազմակերպելու համահայկական մեր ներուժը եւ ծառայեցնելու զայն մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին:

Պայքարը հռետորութիւն թող չթուի: Ան կրնայ սկսիլ ամէնէն տարրական քայլերով, մեր սերունդներու հայեցի կրթութեամբ, մեր կարելիութիւններու ճշմարիտ գնահատմամբ, հայ քաղաքական կեանքի ամէնէն սուր բախումներն անգամ քաղաքական մշակոյթի մեր որակի բարձրացման ծառայեցնելու ճկունութեամբ:

Սեւրի դաշնագրին 100-ամեակը եւս կը յուշէ մեր խլուած իրաւունքներուն ձեռքբերման համար քաղաքականապէս կազմակերպուելու եւ արտաքին վտանգներուն դէմ մէկ ճակատ դառնալու հրամայականը:

Եթէ չամրապնդուի այս ճակատը, տարածաշրջանի երկիրներու քաղաքական շահերու բախումներուն զոհը կրնան դառնալ մեր հերոսներուն արեամբ կերտուած յաղթանակները:

«Գ.»