«Արմէնփրէս».- Քիեւի մէջ լոյս  տեսած է «Ուքրանիա-Հայաստան. Պատմութիւն, Մշակոյթ, Թուրիզմ» գիտական ժողովածուն, որ ընդգրկած է 30 ուքրանացի գիտնականներու աշխատութիւններ:

Գիտական հաւաքածոյին մէջ  ներառուած են «Ուքրանիա-Հայաստան․ Պատմութիւն, Մշակոյթ, Զբօսաշրջութիւն» միջազգային գիտական համաժողովի նիւթերը, որ նախաձեռնուծ էր Քիեւի Տարաս Շեւչենքոյի անուան ազգային համալսարանի, Ուքրանիոյ հայերու միութեան, Ուքրանիոյ Հայաստանի դեսպանատան եւ Ուքրանիոյ սփիւռքի հետազօտութիւններու հիմնարկին կողմէ: