ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Աւելի քան երկու ամիս դադրելէ ետք, Հինգշաբթի օր կրկին սկիզբ առաւ Սուրիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը: Բոլոր մրցումները տեղի ունեցան դռնփակ, առանց ժողովուրդի, ներկայութիւնը սահմանափակուեցաւ ակումբի պատասխանատու կազմերով եւ մարզական պատասխանատուներով:
– Սուրիոյ Ա. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան 17-րդ փուլի մրցումներուն, Հալէպի Իթթիհատը իր նոր մարզիչով, 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ալ Շրթա  խումբը, իսկ աղիւսակի առաջին դիրքը գրաւող Թշրինը 2-2 արդիւնքով հաւասար մնաց Ճէյշին հետ: Հոմսի Քարամէն  3 -1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սահէլը, ինչպէս նաեւ Հթթինը 2-0 արդիւնքով յաղթեց Նաուաիրին: Մրցումներու մնացեալ արդիւնքներն են՝ Ուահտէ-ճեզիրէ 2-2 , Թալիաա-Ճապլէ 1-0, Ուասպէ-Ֆութուէ 4-1:
– Սուրիոյ կառավարութեան որոշումով բոլոր մարզական ակումբներն ու խումբերը պիտի վերսկսին իրենց սովորական մարզումներն ու աշխատանքները:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՍՊԱՆԻՈՅ ԽՈՒՄԲԵՐԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐՍԿՍԻՆ ԽՄԲԱՅԻՆ ՓՈՐՁԵՐԸ
Սպանիոյ մարզական գերագոյն դաշնութիւնը արտօնեց Սպանիոյ Ա. եւ Բ. դասակարգի ֆութպոլի խումբերը, վերսկսելու խմբային փորձերը: Նախքան այս որոշումը, դաշնութիւնը արտօնած էր սահմանափակ փորձեր կատարել, սակաւաթիւ խաղացողներով, իսկ այսուհետեւ բոլոր կազմերը իրաւունք պիտի  ունենան շարունակելու իրենց մարզումները, այնպէս ինչպէս կը կատարէին նախքան պսակաձեւ ժահրի համաճարակը:
Աւելցնենք, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքով դադրեցան բոլոր մարզական փորձերն ու մրցումները,  այսուհետեւ հետզհետէ պիտի վերսկսի  մարզական սովորական կեանքը:
ԻՔԱՐՏԻ ՄԻԱՑԱՒ ՓԱՐԻԶ ՍԱՆ ԺԵՐՄԱՆԻՆ
Իտալական Ինթըր Միլանի արժանթինցի յարձակողական խաղացող Մաուրօ Իքարտի պաշտօնապէս տեղափոխուեցաւ Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սան Ժերման: Ըստ ֆրանսական թերթերուն, Իքարտի ֆրանսական ակումբին հետ ստորագրած է չորս տարուան պայմանագրութիւն: Յիշենք, որ արժանթինցի խաղացողը անցած տարեշրջանին մէկ տարուան  վարձակալութեամբ հանդէս եկաւ ՓՍԺ-ի հետ, որուն հետ մասնակցեցաւ 31 մրցումներու, նշանակելով 20 կոլ:
ՊԻԼՊԱՈՒ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ ԻՐ ՄԱՐԶԻՉԻՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Սպանական Պիլպաու ակումբի վարչակազմը Կիրակի օր պաշտօնապէս յայտարարեց, որ համաձայնած է խումբի մարզիչ Կարիթանոյին հետ՝ երկարաձգելու ակումբին հետ իր պայմանագրութիւնը: Կարիթանօն իր պաշտօնը ստանձնած էր 2018-ի Սեպտեմբերին: Այս տարի ան խումբին հետ հասաւ Սպանիոյ բաժակի աւարտական մրցումին, բայց սոյն հանդիպումը յետաձգուեցաւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքով: Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, սպանացի մարզիչը ըսաւ, որ շատ ուրախ է որ պիտի շարունակէ  մաս կազմել այս խումբին, զորս իր քաջալերանքին արժանացած է փոքր տարիքէն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ակումբի պատասխանատուներուն, իրենց ցուցաբերած վստահութեան համար՝ խոստանալով յաջող արդիւնքներ ձեռք բերել:
Աւելցնենք, որ Սպանիոյ ախոյեանութեան յաջորդ փուլին, Պիլպաուի մրցակիցը պիտի ըլլայ Աթլեթիքօ Մատրիտը:
ԹՈԹԵՆՀԱՄԻ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ
Լոնտոնի Թոթենհամի գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մորինիօ յայտարարեց, որ խումբի բոլոր վնասաուած խաղացողները ապաքինած են եւ  պատրաստ են խաղադաշտ մտնելու:
«Հերի Քէյնը, Սոնը, Փերքուէյնը եւ Սիսոքօն  բոլորն ալ բնական վիճակի մէջ են», ըսաւ փորթուկալցի մասնագէտը, աւելցնելով որ «Քանի մը շաբաթ վերջ, երբ ղեկավարները արտօնեն մրցումներու վերսկսումը, կը կարծեմ որ բոլորն ալ պատրաստ կ’ըլլան հանդիպումներուն:  Մեզի համար ամէն ինչ լաւ է, որովհետեւ  Լայփցիկի խաղէն ետք մենք ունեցանք 11 վիրաւոր խաղացող, սակայն այս դադարին անոնք բոլորն ալ ապաքինուեցան եւ պատրաստուեցան մրցումներուն»: Աւելցնենք, որ տակաւին յստակ չէ Անգլիոյ ախոյեանութեան վերսկսման թուականը:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան